Օրերս Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ժողովը կրնայ ներ-լիբանանեան քաղաքական տագնապի մը դուռ բանալ:
Խնդիրն այն է, որ Լիբանան ապրող սուրիացի փախստականներու յատկացուած այդ ժողովին օրակարգի հիմնական թեմա դարձած է աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն սուրիացիները «բնակցեցնելու» հարցը, որուն կտրականապէս դէմ են նախագահ Աունն ու խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրին:
Եւրոպական համայնքը, որ նաեւ մեծագումար դրամական յատակցումներ կատարելու մասին խօսած է պայման դրած է մեծաւ մասամբ սիւննի սուրիացի գաղթականներուն «բնակեցման» բոլոր դիւրութիւնները ընծայել եւ այդպիսով մարդագրական պատկերին վրայ նոր փոփոխութեան մը դուռը բանալը, ինչը անընդունելի է մարոնի-քրիստոնեայ եւ շիիթ-իսլամ ղեկավարներուն համար: