Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (PYD) առաջնորդ Սալիհ Մուսլէմ զգուշացուցած է Թուրքիան, որ եթէ վերջինս ներխուժէ հիւսիսային Իրաք, իրենք ի պատասխան անոր պիտի յարձակին թրքական կողմին վրայ:
Ըստ թրքական «Yeniakit» թերթի կայքին, Մուսլիմ այդ մասին յայտնած է քրտական «Şarku’l Avsat» թերթին հետ զրոյցի ժամանակ:
Նշենք, որ Թուրքիա «PYD»ն եւ վերջինիս ռազմական թեւ հանդիսացող «YPG»ն կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Մուսլիմ նշելով, որ թէեւ իրենք տարաձայնութիւններ ունին Պարազանիի Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան (KDP) հետ, այնուամենայնիւ, անկախ ամէն բանէ իրենք պատրաստ են պաշտպանել քիւրտ ժողովրդը:
Միաժամանակ «PYD»ի համանախագահ Հատիյէ Եուսուֆ թեմային շուրջ «Twitter»ի իր էջին գրառում կատարած է: Եուսուֆ նշած է, որ իրաքեան Քիւրտիստանի նկատմամբ Թուրքիա պատժամիջոցներ կիրառելու պարագային, իրենք Սուրիոյ մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու դռները մինչեւ վերջ բաց պիտի պահեն: