Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը երէկ Անգարայի մէջ Էրտողանի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ Թուրքիոյ պատուոյ պահակախումբը ողջունած է ՝թրքերէնով: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով որ ընդունելութիւնը տեղը ունեցած է նախագահական պալատի մուտքին:
Պատուոյ պահակախումբի ցուցադրութեան ժամանակ, Փութին պահ մը կանգ առած է եւ անոնց (զինուորներուն) դիմելով ըսած է. « Մերհապա (թրքերէնով՝ բարեւ) ասքար »:
Յիշեցնենք, որ Փութին Թուրքիա կ'այցելէ իր թուրք եւ իրանցի գործընկերներուն հետ Սուրիոյ հարցով եռակողմ վեհաժողովին մասնակցելու համար: