image
Հրատապ լուրեր:

Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գործադրած Ռազմական ճիգերը Բաւարար Չեն»

Փութին. «Սուրիոյ Մէջ  Մեր  Գործադրած Ռազմական ճիգերը Բաւարար Չեն»

  Մոսկուա («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)-Ռուսիոյ   նախագահ  Վլատմիր Փութին, ռուսական լրատուական գործակալութիւններուն  խօսելով  յայտնած է,  որ Մոսկուայի ռազմարշաւը Սուրիոյ մէջ մինչեւ օրս բաւարար գոհացուցիչ արդիւնքներ չէ արձանագրած, ուստի  յաջորդ փուլին անցնիլը անհրաժեշտ կը համարուի:«Մեր նպատակները կատարուած են, ե՛ւ լաւապէս՝ կատարուած» ռազմական ղեկավարներուն կը փոխանցած է Փութին, ապահովական   գերագոյն մարմիններու ժողովի ժամանակ: Ռուսական համաշհարհային լրատուական գործակալութիւնը  (RIA Novosti)  հաղորդելով  այդ  հանդիպման մասին կը յայտնէ, որ Փութին Մինչեւ օրս կատարուածը  բաւարար չի համարեր Սուրիան ապստամբներէ  եւ ահաբեկիչներէ մաքրագործելու  եւ Ռուսիան  հնարաւոր ահաբեկչական յարձակումներէ պաշտպանելու համար:«Մեզ շատ աշխատանք կը սպասէ եւ ես կը յուսամ, որ յաջորդ փուլը կ'իրականցուի նոյն բարձր մակարդակի վրայ, մասնագիտացածօրէն, եւ կը ստանանք սպասուած արդիւնքները», աւելցուցած է Նախագահ Փութին:Մինչդեռ, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկեյ Շոյգուն յայտարարած է, որ Մերձկասպեան նաւատորմի նաւերը իրականացուցած են 18 քրուզ (թեւաւոր) հրթիռներու յարձակում,   որոնք հարուածած են «ահաբեկչական կեդրոններ» հանդիսացող 7 թիրախներ, Սուրիոյ տարբեր նահանգներու՝ Ռաքքայի, Իպլիպի եւ Հալէպի մէջ: