ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարգադրութիւն ստորագրած է, որու համաձայն հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միացեալ խմբաւորման մասին համաձայնագրի ստորագրութեան: Այս մասին համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է 14 նոյեմբերին, իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական էջին, այս մասին կը գրէ «Արմէնփրէս»:
«Ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու Միացեալ զօրախումբի վերաբերեալ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիրի ստորագրման մասին Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան առաջարկը»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Կարգադրութեան գրութեան համաձայն՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարուած է ՌԴ Արեաքին Գործոց նախարարութեան մասնակցութեամբ բանակցութիւններ վարել հայկական կողմի հետ եւ համաձայնութեան հասնելէ ետք Ռուսաստանի անունով ստորագրել նշուած համաձայնագիրը: