image

Փավլոփուլոսի Մեղադրանքը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն՝ Մարդու Թրէֆիքինկի Աջակցութեան Մէջ

Փավլոփուլոսի Մեղադրանքը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն՝ Մարդու Թրէֆիքինկի Աջակցութեան Մէջ

Յունաստան- («Ալ-Սաֆիր»-Պէյրութ)- Յունաստանի նախագահ՝ Փրոքոփիս Փավլոփուլոսը մեղադրած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ մարդու թրէֆինքինկով զբաղուղներու աջակցութեան մէջ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Սաֆիր»ը, հաղորդելով, որ Յունաստանի նախագահը կը մեղադրէ Թրքական կառավարութիւնը, Եւրոպա հասնիլ ձգտող գաղթականներու օրէ օր աճող թիւին վերջ տալու ջանքեր չգործադրելուն մէջ:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Թուրքիան նախապէս Եւրոպական Պետութիւններու ղեկավարներուն հետ համաձայնութեան եկած էր, որպէսզի վերահսկէ իր սահմանը եւ արգիլէ գաղթականներու ապօրինի ճամբով դէպի Եւրոպա մեկնումը:

Փավլոփուլոս գերմանական «Sueddeutsche Zeitung» թերթին յայտնած է, որ իրենք Թուրքիոյ իշխանութեան թրէֆիքինկով զբաղուողներու հետ համագործակցութիւնը ապացուցող փաստեր ունին, եւ կը մեղադրէ յատկապէս նաւահանգիսիտի կառավարութիւնը, որ կը վարուի այնպէս, կարծես բան չի նկատեր:

 «Սաֆիր»ի համաձայն Փավլոփուլոս յայտարարծ է, որ Յունաստանը տակաւին պատրաստ է եւրոմիութեան միջոցաւ իր խոստացած  3,27 միլիար տոլլարի նպաստ տրանադրել Թուրքիոյ, օգտակար դառնալու համար, որ ան կատարէ սուրիացի փախստականներու հարցով իր պարտաւորութիւնները, որոնք մինչեւ օրս չէ կատարած:

Կը նշուի նաեւ, որ Եւրոպական Յանձնաժողովը իր կարգին յայտնած է իր դժգոհութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ գաղթականներու հոսքը չզսպուելու վերաբերեալ, որ պատճառ կը դառնայ Եւրոպա ժամանող փախստականներու թիւի արձանագրած անընդհատ աճին: