image

Փաշինեանի հետ այդ հանդիպումը հեռանկարային չէ. Կարէն Կարապետեանի խօսնակ

Փաշինեանի հետ  այդ  հանդիպումը   հեռանկարային չէ. Կարէն  Կարապետեանի խօսնակ

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեան յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հրաւէրը նախորդէն փորձնականօրէն չի տարբերիր, բացի այն, որ այս անգամ չի թելադրեր, թէ որուն հետ պէտք է գալ բանակցութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ ներկայացնելով յայտարարութիւնն ամբողջութեամբ.

 

«Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հրաւէրը նախորդէն փորձնականօրէն չի տարբերիր, բացի այն, որ այս անգամ չի թելադրեր, թէ որուն հետ պէտք է գալ բանակցութիւններու:

 

Կարէն Կարապետեանի պատասխանը նոյնն է, ինչ նախորդ անգամ: Բանակցութիւնները, ուր մէկ կողմը բացառապէս կը թելադրէ օրակարգ, իսկ միւսը չի կրնար օրակարգ ներկայացնել՝ չեն կրնար համարուիլ բանակցութիւններ:

 

Բացի այդ, Կարէն Կարապետեան կը մնայ այն տեսակէտին, որ լրատուամիջոցներուն առջեւ բանակցութիւններու իրականացումը արդէն իսկ կ'ենթադրէ, որ բանակցութիւններուն նպատակը որեւէ արդիւնք արձանագրելը չէ:

 

Այդ իսկ պատճառով մասնակցիլ «բանակցութիւններ»ու, որոնք լուծումներ գտնելու հաւանականութիւն չունին, վարչապետի պաշտօնակատարը կը համարէ անհեռանկարային:

 

Կարէն Կարապետեանի կարծիքով, պարոն Փաշինեանի կողմէ արժէ ընդունիլ բոլոր խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն ուղղուած Հանրապետութեան նախագահի առաջարկը՝ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները համատեղ քննարկելու մասին»:

 

Հանդիպման մասին յայտարարած էր Նիկոլ Փաշինեանը 26 ապրիլի հանրահաւաքին ընթացքին: