16 Յուլիսին կառավարական առանձնատան մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը:
ՀՀ կառավարութեան ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ առաջին նախագահն իր տեսակէտները յայտնած է Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու վերաբերեալ:
Քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ Արցախեան հիմնախնդրին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ: