image

Փաշինեան հանդիպած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներուն հետ

Փաշինեան հանդիպած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներուն հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներու հետ։ Ան ողջունած է գործադիր կոմիտեի ներկայացուցիչներուն, ապա անդրադարձած է Արցախի մէջ Համահայկական ամառնային եօթերորդ խաղերու կայացման կարեւորութեան ու նպատակին:

«Համահայկական խաղերը հնարաւորինս զարգացնենք եւ բոլոր առումներով լրջացնենք՝ե՛ւ մարզական, ե՛ւ համահայկական կեանքի կազմակերպման, ե՛ ւ մշակութային առումով»։

Վարչապետը յաջողութիւն մաղթած է,  եւ նշած է թէ համեմատելով նախկին տարիներուն, միշտ առաջընթաց կայ, եւ պէտք է «այդ առաջընթացը աւելի տեսանելի եւ արդիւնաւէտ ըլլայ»:

«Համահայկական խաղերը պետք է դառնան լաւ հարթակ՝ հայ ազգի տաղանդաւոր մարզիկներուն յայտնաբերելու եւ անոնց Հայաստանի հաւաքական թիմերուն մէջ ընդգրկելու հնարաւորութիւնները դիտարկելու համար:»

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը նշած է, որ Համահայկական ամառնային եօթերորդ խաղերուն կը  մասնակցին 35 պետութիւն, 161 քաղաք։ Ընդհանուր առմամբ մասնակցողներուն թիւը մօտ 5300 անձ ։

Նշենք որ այս տարի Խաղերու 20 ամեակն է: Պիտի տեւէ 5էն մինչեւ 17 օգոստոս, 2019: