Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներու հետ։ Ան ողջունած է գործադիր կոմիտեի ներկայացուցիչներուն, ապա անդրադարձած է Արցախի մէջ Համահայկական ամառնային եօթերորդ խաղերու կայացման կարեւորութեան ու նպատակին:
«Համահայկական խաղերը հնարաւորինս զարգացնենք եւ բոլոր առումներով լրջացնենք՝ե՛ւ մարզական, ե՛ւ համահայկական կեանքի կազմակերպման, ե՛ ւ մշակութային առումով»։
Վարչապետը յաջողութիւն մաղթած է, եւ նշած է թէ համեմատելով նախկին տարիներուն, միշտ առաջընթաց կայ, եւ պէտք է «այդ առաջընթացը աւելի տեսանելի եւ արդիւնաւէտ ըլլայ»:
«Համահայկական խաղերը պետք է դառնան լաւ հարթակ՝ հայ ազգի տաղանդաւոր մարզիկներուն յայտնաբերելու եւ անոնց Հայաստանի հաւաքական թիմերուն մէջ ընդգրկելու հնարաւորութիւնները դիտարկելու համար:»
Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը նշած է, որ Համահայկական ամառնային եօթերորդ խաղերուն կը մասնակցին 35 պետութիւն, 161 քաղաք։ Ընդհանուր առմամբ մասնակցողներուն թիւը մօտ 5300 անձ ։
Նշենք որ այս տարի Խաղերու 20 ամեակն է: Պիտի տեւէ 5էն մինչեւ 17 օգոստոս, 2019: