image

Փաշինեան այցելեց Գիւմրիի ռուսական զօրակայան

Փաշինեան այցելեց Գիւմրիի ռուսական զօրակայան

5 Ապրիլին ՀՀ կառավարութեան պատուիրակութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ այցելած է Գիւմրիի մէջ տեղակայուած Հարաւային ռազմական շրջանի ռուսական ռազմակայան: Այս մասին կը հաղորդէ Հարաւային ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը:

«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ «Մեծ ամրոց» ռազմական քաղաքին մէջ զինծառայողներու կեանքին եւ կենցաղին, այցելեց «Մեծ ամրոց» ռազմական քաղաքի  «Պատուի բլուր» եւ «Զինուորական փառք»ի յուշահամալիրներ, զօրամասի թանգարան եւ Սուրբ նահատակ Ալեքսանտրա թագուհիի եկեղեցի», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական ռազմական միաւորման հրամանատարութիւնը ՀՀ Կառավարութեան պատուիրակութեան ծանօթացուցած է միաւորման ստեղծման պատմութեան, անոր կառուցուածքին, ժամանակակից սպառազինութիւններուն եւ ռազմական սարքերուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այցի աւարտին հանրապետութեան կառավարութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպանատան, ՀՀ-ի մէջ ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան, Գիւմրիի մէջ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան եւ Շիրակի մարզպետարանի ներկայացուցիչները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրած են խորհրդային զինուորներու եւ Խորհրդային միութեան կրկնակի հերոս, զօրավար Միխայիլ Քալաշնիքովի յուշարձաններուն: