Փարիզեան դատարան մը 4 տարուան բանտարկութեան վճիռ արձակած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբօր ՝ Ռիֆհաթ Ասատին դէմ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Russia Today կայանը նշելով, որ 2014 թուականէն ի վեր դատական գործընթացներու մէջ յայտնուած Ռիֆհաթ Ասատ կը մեղադրուի դրամալուացութեան եւ ապօրինի գործառնութիւններ կատարելու մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ 82-ամեայ Ասատ առողջական խնդիրներու հետեւանքով անգամ դատավճիռի հրապարակման օրը չէ ներկայացած դատարան։
Համայի դէպքերուն մէջ (1982) տխրահռչակ դեր ունեցած Ասատ այդ դէպքերէն 2 տարի անց ապստամբած է իր եղբօր ՝ նախագահ Հաֆէզ Ասատին դէմ, որմէ ետք ալ լքած է Սուրիան եւ հաստատուած՝ Եւրոպա։
Russia Today Կը յիշեցնէ, որ Փարիզի դատարանը բանտարկութեան պատիժէն բացի մեծագումար արժէք կազմող Ասատի կալուածներէն շատ-շատերը գրաւի տակ առած է։
Ըստ նոյն աղբիւրին Ասատի միայն Ֆրանսայի մէջ ունեցած կալուածներուն գումարը կը գնահատուի շուրջ 700 միլիոն եւրոյով։