Սուրիոյ բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող Փանոս Աղազարեան զոհուած է Հալէպի «Ալ Հանանո» զօրակայանին մօտ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ երէկ ծանր մարտեր տեղի ունեցած են տուեալ զօրանոցին շրջակայքը, ուր զոհուած է հայազգի զինուորը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նահատակին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը: Նշենք, որ Աղազարեան 1994 թուականին ծնունդ էր: