image

Փամբուխչեան ստանձնեց ԱԻՆ նախարարի տեղակալի պաշտօն

Փամբուխչեան ստանձնեց ԱԻՆ նախարարի տեղակալի պաշտօն

Արմէն Փամբուխչեանը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Արմէն Փամբուխչեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ»,- ըսուած է վարչապետի որոշման մէջ:

Մինչ այս Փամբուխչեանը ընդգրկուած էր Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան կազմին մէջ եւ գործադիր տեղափոխուած է՝ վար դնելով պատգամաւորական մանտաթը: Արմէն Փամբուխչեանը ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանթատէն հրաժարելու դիմումը ներկայացուցած էր 17 սեպտեմբերին: