Լիբանան- Պէյրութի վարչապետարանին շուրջ «ապահովական պատ» մը կառուցուած է: Ըստ կառավարութեան բանբերի մը «պատ»ը տեղադրուած է ապահովական նկատառումներով եւ յատկապէս պահպանելու համար վարչապետրանին շուրջ անվտանգութիւնը ստանձնած զինուորներու ապահովութիւնը: Տարբեր աղբիւրներ աւելի վաղ մտավախութիւն յայտնած էին, որ աղբահանութեան հարցը, որն արդէն քաղաքական շահարկումի վերածուած է կրնայ ներ-համայնքային հարցի վերածուիլ եւ Շիիթ «ծպտեալ» ցուցարարներ կը փորձեն «Սիւննի վարչապետարան» գրոհել: Այս «պատ»ին մասին խօսելով Ալ Նահար օրաթերթի փոխ խմբագիր Ղասան Հաժժար նկատել տուած է, որ ինչպէս աքթիւիսթները կ'ըսեն այս պատը «ամօթի պատ» է: Հաժժար նաեւ ըսած է, որ «մենք ամէն գնով վարչապետ Սալամի կողքին ենք, բայց այս մօտեցումը եւ պատ կառուցելը անընդունելի է: Կառավարութիւնը փոխանակ յանցագործները ձերբակալելու կը նախաձեռնէ «պատ»ի կառուցման: Իմ կարծիքով ընդունելի չէ, որ վարչապետ Սալամ իր համոզումներուն դէմ հանդէս գայ եւ իր ու իր ժողովուրդին միջեւ «պատ» կառուցէ»: Նշենք նաեւ, որ քաղաքացիներ եւ աքթիւիսթներ սկսած են պատին վրայ նկարել: