image

Պէյրութի Վարչապետարանը Պատ «Կառուցեց». Աթքիւիսթները Զայն «Ամօթի Պատ» Կոչեցին

Պէյրութի Վարչապետարանը  Պատ   «Կառուցեց». Աթքիւիսթները Զայն «Ամօթի Պատ»  Կոչեցին

Լիբանան-  Պէյրութի վարչապետարանին շուրջ          «ապահովական պատ»  մը կառուցուած է: Ըստ  կառավարութեան  բանբերի մը    «պատ»ը տեղադրուած է  ապահովական նկատառումներով եւ յատկապէս պահպանելու համար    վարչապետրանին շուրջ   անվտանգութիւնը ստանձնած զինուորներու    ապահովութիւնը:    Տարբեր աղբիւրներ  աւելի վաղ մտավախութիւն յայտնած էին, որ  աղբահանութեան հարցը, որն արդէն քաղաքական շահարկումի վերածուած է կրնայ  ներ-համայնքային հարցի վերածուիլ եւ Շիիթ «ծպտեալ» ցուցարարներ կը փորձեն  «Սիւննի  վարչապետարան» գրոհել:   Այս «պատ»ին մասին խօսելով Ալ Նահար   օրաթերթի  փոխ խմբագիր Ղասան  Հաժժար  նկատել տուած է, որ ինչպէս աքթիւիսթները կ'ըսեն  այս պատը «ամօթի պատ» է:   Հաժժար  նաեւ ըսած է, որ «մենք ամէն գնով վարչապետ Սալամի կողքին ենք, բայց այս մօտեցումը եւ  պատ կառուցելը անընդունելի է: Կառավարութիւնը  փոխանակ  յանցագործները  ձերբակալելու   կը նախաձեռնէ «պատ»ի կառուցման: Իմ կարծիքով ընդունելի չէ, որ   վարչապետ Սալամ  իր համոզումներուն դէմ հանդէս գայ եւ իր ու իր  ժողովուրդին միջեւ «պատ»  կառուցէ»: Նշենք նաեւ, որ քաղաքացիներ եւ աքթիւիսթներ սկսած են պատին   վրայ նկարել: