image

Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները փայլուն արդիւնքներ գրանցած են

Պէյրութի   Մեսրոպեան  Վարժարանի  աշակերտները  փայլուն  արդիւնքներ   գրանցած են

Պէյրութի  Հայ  Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը անգամ մը եւս  պատուաբեր արդիւնքներով աւարտեց իր 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանը։ Վարժարանի ուսանողները մասնակցեցան Լիբանանի պետական (պաքալորէիայի)  քննութեանց    ու  ինչպէս միշտ այս տարի  ալ  գրանցեցին պատուաբեր արդիւնքներ։

Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Մեսրոպեան  վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ այս առթիւ հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը։  

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը պատուաբեր արդիւնք արձանագրեց 2017-2018 տարեշրջանի Բ. Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն. յաջողեցան մասնակից 16 աշակերտներէն 15-ը, որոնցմէ  մէկը` “շատ լաւ”, իսկ երեքը՝ “լաւ” յիշատակութեամբ:

 

Յաջողած աշակերտներն են՝

Գրականութեան բաժին՝  100 առ հարիւր (8 / 8)

Ծիլա Ֆսթըքճեան(լաւ), Վանեսա Ղազարեան (լաւ), Փաթիլ Տեմիրճեան, Ռիթա Պիթար, Սիպել Եափուճեան, Սերճիօ Աշճեան, Շանթալ Ղազար, Քրիսթել Քոշոյեան: 

 

Ընդհանուր Գիտութիւններուներու բաժին՝100 առ հարիւր (2 / 2)

Էլի Թորանեան (շատ լաւ), Յովսէփ Գըլընճեան (լաւ): 

 

Կենսաբանութեան բաժին՝  (5 / 6)

Եւա Ղազարեան, Փամելա Ռաֆֆուլ, Սինթիա Տիպ, Կարապետ Աւեսեան, Լիլիթ Մկըրեան:

 

Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը շնորհաւորեն աշակերտները, կը խնդակցին անոնց ծնողներուն եւ կը մաղթեն նորանոր յաջողութիւններ: