Պէյրութի մէջ մահացած է Աղաւնի Ասիլեանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Երկար տարիներ լիբանանահայ համայնքի կեանքին մէջ աշխուժ ներկայութիւն հանդիսացած տիկին Աղաւնին (Ծնեալ Զարդարեան) ծնած էր Կիպրոս՝ Նիկոսիա։
Ամուսանանլէ ետք լիբանանահայ Գրիգոր Ասիլեանին հետ փոխադրուած ու հաստատուած էր Պէյրութ։
Բնիկ Ատանացի տիկին Աղաւնին եղած է անդամ «Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց» միութեան, ՀԲԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Էշրէֆիէյի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին։
Յառաջացած տարիքի բերումով իր աչքերը յաւերժութեան փակած Տիկին Աղաւնին եղած է նուիրեալ մայր, ջամբելով հայեցի դաստիարկութիւն իր երեք զաւակներուն ու յետոյ նաեւ թոռներուն։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ Լիբանանի ՌԱԿ անդամներէն՝ Տօքթ. Վիգէն Ասիլեանին։