image

Համակ կեանք, աշխատանքի ու ծառայութեան տիպար՝ Սոնիա Կարմիրեան-Զաւզաւաթճեանի յիշատակին. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Համակ կեանք, աշխատանքի ու ծառայութեան տիպար՝ Սոնիա Կարմիրեան-Զաւզաւաթճեանի յիշատակին. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Ազգային-Միութենական Նուիրեալ

1970ին, երբ աւարտած էի Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական-հայագիտական բազմաճիւղը, ապա, վերադարձած՝ ծննդավայր-Պէյրութ, մասնակցութեանս գծով աշխատանքի ասպարէզ գտնելու դժուարութեան մատնուեցայ (չզարմանա՛լ)։

Որոշ տատանումներէ ու խարխափումներէ ետք (անշուշտ, ո՛չ իմ պատճառովս, (ատիկա ալ ուրիշ պատմութիւն մըն է, պատմելի եւ արձանագրելի), պաշտօնի կոչուեցայ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակէն ներս, իբրեւ… պարզ քարտուղար։

Ակամայ ընդունեցի, որովհետեւ այլընտրանք չունէի, որմէ ետք, իմ ազգային-կրթական-միութենական-հրապարակագրական ամբողջ կեանքս նուիրուեցաւ ու «մկրտուեցաւ» այդ օճախէն ներս, պաշտօնի բարձրացումներով, դիրքերու պատասխանատուութիւններով ու հիմնարար դերակատարութիւններով։

Յայտնապէս եւ, ի պատիւ իմ ներդրումներուս եւ յառաջդիմութիւններուս, ի շարս բազմաթիւ մարմիններու մէջ ներկայութեանս ու մասնակցութեանս, իբրեւ դիւանապետ, Կրթական Յանձնախումբի վարիչ քարտուղար, «Խօսնակ»ի խմբագրութիւն, նամակագրութիւն, ատենագրութիւն, տեղեկագրութիւն, թղթակցութիւն, եւայլն), առաջարկուեցաւ ինծի, որ ստանձնեմ նաեւ ՀԲԸ Միութեան նորակառուցելի՝ Պօղոս Գէորգ Կարմիրեանի անուան վարժարանի շինարարութեան յանձնախումբի քարտուղարութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Միութեան պատկառելի անձնաւորութիւններէն հոյլ մը։

֍֍֍

Այս յիշատակելի ու պատմական վկայութեամբ, կը կատարեմ հետեւեալ ԵՐԿՈՒ յուշերու պատումը.

Ա. Այս ընթացքին է, որ ծանօթացայ այդ երախտաւորներու հետ, որոնցմէ էր ՀԱՃԻ ԳԷՈՐԳ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆը, Շրջանակային Յանձնաժողովի վարչական ու միութենական կառոյցներուն շինարարութեանց հոգատար, ապա, իմանալու, որ ան՝ հօրս՝ Յովհաննէս Աղպաշեանի հետ ունէր ջերմ ծանօթութիւններ ու փոխադարձ յարգելիութիւններ, իսկ յետոյ, ան իմ հետս ունեցաւ հայրական վերաբերմունքներ ու մօտեցումներ, նոյնիսկ, քաջալերողը հանդիսանալով… իմ ամուսնական պսակադրութեանս։

Ես հպարտ ու գոհունակ էի, որ նման ազգայիններու շուքին տակ կը գտնուէի, այլեւ՝ կը գործակցէի, կ’ընկերակցէի ու կ’աշխատակցէի անոնց հետ, այս պարագային, յանուն ՀԱՅ ԴՊՐՈՑի մը վերակենդանացումին։

֍֍֍

Այս յուշերը զիս պատեցին ու բոլորեցին, երբ իմացանք մահուան բոթը՝ Ազգային Բարերար Գէորգ Կարմիրեանի եւ իր ազնուասիրտ կնոջ՝ Մարիժանի, դստեր՝ ՍՈՆԻԱՅԻՆ ցաւալի մահը, հեռաւոր… Ամերիկայի մէջ, երբ ան՝ հոգւով ու սրտով կառչած էր Լիբանանին, լիբանանահայութեան, լիբանանահայ դպրոցին ու մանաւանդ՝ իր սիրեցեալ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ։

Սոնիան՝ ազգասէր էր, ընկերասէր ու մարդասէր, բառին համապարփակ առումներով, ամբողջովին կեանք էր, ոգի, նուիրեալ ու ծառայասէր, հաւատացեալ ու բարեպաշտ, իր սիրեցեալ կեանքի անգին ընկերոջ, ՀՐԱՉ ԶԱՒԶԱՒԱԹՃԵԱՆի միութեամբ օրինակելի ընտանիք կազմելով, միասնաբար, ազգային-միութենական իրենց կեանքին մէջ դառնալով աշխոյժներ, մանաւանդ՝ Սոնիային բարւօք հովանիին տակ եւ անոր առընչակից՝ Հրաչին զօրակցութեան եւ զաւակներուն։

Սոնիան, իր ուժեղ անհատականութեամբ, նկարագրային բարեհաճութեամբ, հայրենասիրական բուխութեամբ, ազգային ծառայութեամբ, միութենական նուիրուածութեամբ եւ Ս. Էջմիածնական երկիւղածութեամբ ու հաւատամքով, միշտ մնաց պատնէշի վրայ, որովհետեւ անոնք էին, որ զինք կը տոգորէին, կը խրախուսէին ու կը մղէին, դէպի լաւագոյնը եւ ազնուագոյնը, գերագոյնը եւ առաւելագոյնը։

Ան հպարտ էր, որ կը սերէր իր «պապային ու մամային» սերունդներէն, որոնց արմատներուն հետ առընչուած էր, նաեւ՝ կառչած, հետեւաբար, այդ ոգեկան ու հոգեկան զգացումներով կը շարժէր ու կը գործէր, միշտ այն հեռանկարով, թէ՝ ինչպէ՞ս կրնար նպաստել իր ընտանիքին, շրջանակին, ազգութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան։

Տիկ. Սոնիան, իր ժիր եւ եռանդուն, ժպտուն ու խօսուն բնաւորութեամբ, համակրելի էր բոլորին կողմէ, որովհետեւ, անոր մէջ կար անկեղծութեան եւ ազնուութեան շնորհալիութիւններ, «սերմ»եր, գիտէր ու կը գիտակցէր ինչպէ՞ս վարուիլ ու շփուիլ իր իւրայիններուն ու շրջապատին հետ։

Այս էր, բազմաթիւ պատճառներէն մէկը, որով Սոնիան դարձաւ, համեստ հայորդուհի մը, բայց, եղաւ նաեւ այնքան սիրելի, որուն նկատմամբ կար միշտ սէր, յարգանք ու գնահատանք։

֍֍֍

Հետաքրքրականը, այլեւ ուշագրաւը այն էր, որ՝ երբ Սոնիան ու Հրաչը «բոյն» կազմեցին եւ «ձագուկ»ներ ունեցան, իրենց ազգածառայողական ու միութենապաշտական գործունէութիւնները աւելի ծաւալեցան, ընդարձակուեցան ու ճոխացան, մինչեւ որ՝ Սոնիան, իր անձնական նախաձեռնութեամբ ու ճիգերով, ստեղծեց ու բացաւ իր այն «հոգետուն»ը, ուրկէ իր ունեցած մարդասիրական, առողջապահական, մարմնագիտական եւ կանացիական հմտութիւններն ու գիտելիքները հրապարակեց ու բաշխեց զանոնք, ծանօթացուց, ըմբոշխնելով համայնական շրջանակներուն, արժանանալով լայն ժողովրդականութեան ու գնահատութեան։

Պատահական չէին այս բոլորը, որովհետեւ Սոնիան, օժտուած էր նման արժանիքներով ու զանոնք սեփականութիւնը դարձնելով համապատասխան վայրերուն եւ ընդհանրապէս հասարակութեան, մեծ յաջողութեամբ եւ կարողութեամբ, առանց երբեք մոռնալու կամ անտեսելու, իր միութենական պատկանելիութեան ու նոյնիսկ Ս. Էջմիածինական հաւատարմութեան, քանի անոնք իրեն համար, անջնջելի սրբութիւններ էին։

Սոնիան, այդպէս ալ մնաց պատնէշի վրայ, կաղնիի հզօրութեամբ, հակառակ կորսնցնելով իր սիրեցեալ ամուսինը՝ Հրաչը, որոն հետ կապուած էր անհուն սէրով, գուրգուրանքով ու ջերմութեամբ, զինք խնամելով ամենայն կորովով, անձնազոհութեամբ, անմիջականութեամբ, ոգեղնիութեամբ եւ յարատեւութեամբ, դառնալով անոր՝ «պահապան հրեշտակ»ը։

Սոնային ունեցած կարողութիւնները (որոնց գրեթէ ծանօթ եմ), իրապէս, արժանի են յատուկ վերաբերմունքի ու գնահատանքի, իրենց ունեցած գեղարուեստական, մարմնագիտական, գեղարուեստական, արուեստա-գիտական ու ցուցագրական տուեալներով, ապացուցելով, որ ան, իրօք, իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, իր անհատական, ընտանեկան, միութենական, միջավայրային եւ ընկերային շատ մը գեղագիծերով ու տուեալներով, որոնք արժանի են յատուկ ուշադրութեան, դիտարկումներու ու գնահատումներու, յաւուր պատշաճի, ոչ միայն յիշելով զինք, այլեւ՝ թէկուզ յետ մահու, վկայակոչելով անոր ժրաջանութիւնները։

Կ’արժէ նաեւ յիշել, որ Սոնիան, միշտ ալ մնաց Միութեան համակիր-նուիրեալ ու գործունեայ անդամներէն, յատկապէս՝ Տիկնանց Յանձնախումբին մէջ, իր կենսունակութեամբ ու խանդավառութեամբ դառնալով բոլորին կողմէ սիրուած, յարգուած եւ օգտաշատ իգականութեան պերճախինդ դէմք մը։

Այլապէս ալ, Սոնիա, իր մասնագիտական ունակութիւնները, իր հաստատութեան՝ «ՍՈՆԻԱԶ»էն, սփռեց ամենուրէք, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, դասախօսութիւններով, ցուցադրութիւններով, հարցազրոյցներով, գիտելիքներով ու նորաձեւութիւններով։

Իսկ իր հօր բարերարութեամբ կառուցուած Կարմիրեան վարժարանը, իր յաճախակի այցելութեան վայրն էր, անոր նկատմամբ տածելով փափկանկատ վերաբերմունք, պատրաստակամ զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն։

֍֍֍

Հաճի Գէորգ Կարմիրեանը եւ ազնուաբուխ՝ Տիկ. Մարիժանը, կեանքի ընկեր՝ անմոռանալի ամուսինը՝ Հրաչը, զաւակները եւ, առհասարակ, հարազատները, միութենականները կը յիշեն, Սոնիային տեղն ու դերը մեր իրականութենէն ներս, յատուկ ակնածանքով ու սիրալիր յիշատակներով։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)

 

Պատմական լուսանկար մը.

ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հիմնարկէքի ու բացումի նախօրեակին (եւ ընթացքին).

Ձախէն աջ՝ Պարոյր Աղպաշեան, Արմենակ Մելքոնեան, Ենովք Պալիքեան, բարերար ԳԷՈՐԳ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ , Նազարէթ Էլմաճեան, Ռոպերթ Կիւլպենկեան (եղբօրորդի՝ Գալուստ Կիւլպենկեանի), Սեդրակ Գասարճեան, ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ, Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան, Սարգիս Ե. Տեմիրճեան, Յովհաննէս Թապագեան։