image

Մոսկուա կը սպասէ․ Հայաստան–Ռուսաստան՝ նոր էջի՞, թէ՞ բաժանումի շեմին

Մոսկուա կը սպասէ․ Հայաստան–Ռուսաստան՝ նոր էջի՞, թէ՞ բաժանումի շեմին

Փաշինեան–Փութին. Մոսկուա պիտի որոշէ՝ նոր էջ մը կը բացուի՞, թէ՞ հինը վերջնականապէս կը փակուի

Օրերս Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան–Փութին հանդիպումէն ետք նոր երանգով լուրեր սկսան լսելի դառնալ։

Այդ «աւետիս»ը փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կարճ տեսանիւթով մը հայ ժողովուրդին ծանուցելով, թէ յառաջիկային պիտի մեկնի Մոսկուա եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ «թէթ ա թէթ» հանդիպում մը պիտի ունենայ։

Արտաքնապէս՝ սովորական դիւանագիտական հանդիպում։

Բայց իրականութեան մէջ՝ շատ աւելի ծանրակշիռ քաղաքական հանդիպում մը։

Որովհետեւ Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, ուր մէկ սխալ հաշուարկ կրնայ նոր ճեղքեր բանալ, իսկ մէկ ճիշդ քաղաքական քայլ՝ գոնէ ժամանակաւորապէս կանգնեցնել երկու կողմերուն միջեւ խորացող հեռացումը։

Նման լարումներ, անշուշտ, եղած են նաեւ անցեալին, մասնաւորաբար 2018-ի «Թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութենէն» ետք։

Բայց այսօրուան իրավիճակը տարբեր է։

Այսօր հարցը այլեւս միայն Փաշինեան–Փութին անձնական յարաբերութիւններուն կամ երկու կառավարութիւններուն միջեւ տարաձայնութիւններուն մասին չէ։

Հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան, անվտանգային համակարգին, տնտեսական կախուածութիւններուն եւ, ի վերջոյ, Հայաստանի՝ «ո՞ւր երթալ»ու հարցն է։

Հոս է, որ կը ծագի հիմնական հարցումը․ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մոսկուայի հանդիպման իրական օրակարգը։

Արդեօք ան նախապէս համաձայնեցուա՞ծ է, թէ՞ երկու ղեկավարները պիտի նստին դէմ առ դէմ եւ փորձեն գտնել այն կէտը, ուր Հայաստանի նոր քաղաքական իրականութիւնը կը հանդիպի Ռուսաստանի ռազմավարական շահերուն։

Հարցերը շատ են։

ԵԱՏՄ–Հայաստան յարաբերութիւնները։

ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի սառած կապերը։

Հայաստանի ակնյայտ թեքումը դէպի Արեւմուտք։

Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին Երեւանի ընդունած օրէնքը։

Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանի ապագան։

Հայաստան–Ռուսաստան տնտեսական եւ արդիւնաբերական կապերը։

Ռուսական շուկայ։

Ենթակառուցուածքներ։

Երկաթուղի։

Ներդրումներ։

Եւ, այս բոլորէն վեր, մէկ մեծ հարց՝ Երեւան–Մոսկուա ռազմավարական յարաբերութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան Հայաստանի մէջ։

Մոսկուայի պատգամը՝ ընտրութիւնը ձերն է, բայց հետեւանքները նոյնը չեն։

Պիշքեքի մէջ Փութին փորձեց մէկ բան յստակ դարձնել։

Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Հայաստանի ձգտումը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է։

Այսինքն՝ Մոսկուան պաշտօնապէս չի վիճարկեր Երեւանի ընտրելու իրաւունքը։

Բայց նոյն շունչով ըսաւ նաեւ, որ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի մէջ միաժամանակ մնալ գործնականօրէն անկարելի է։

Այս մէկը պարզ նախազգուշացում չէ։

Աւելին ՝ քաղաքական հաշուարկի մը յայտարարութիւն է։

Փութին կ՛ըսէ՝ ընտրութիւնը ձերն է, բայց երբ ընտրութիւնը կատարուի, մենք ալ պիտի վերանայինք մեր յարաբերութիւններուն։

Մոսկուան, հետեւաբար, կը սպասէ Երեւանէն յստակ պատասխաններ։

Իսկ Փաշինեան առայժմ կը փորձէ չփակել ոչ մէկ դուռ։

Ան կ՛ըսէ՝ Հայաստանը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած։

Երեւան նաեւ կը պնդէ, որ ԵՄ ուղղութեամբ քայլերը չեն նշանակեր, թէ Հայաստանը դժգոհ է ԵԱՏՄ-էն։

Այսինքն՝ Հայաստանի ներկայ քաղաքականութիւնը կարծես կը փորձէ ըսել՝ «եւրոպական դուռը բաց կը պահենք, իսկ ռուսական դուռը չենք փակեր»։

Բայց միջազգային քաղաքականութեան մէջ դռները անվերջ բաց չեն մնար։

Եւ հոս է բարդութիւնը։

 

 Կիւմրիի ռուսական ռազմակայան. «եթէ պէտք չէ՝ կը հեռանանք»

Փութինի մէկ այլ յայտարարութիւն եւս անպայման պիտի մնայ այս հանդիպման քաղաքական արձանագրութեան մէջ։

Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանին մասին ան ըսաւ՝ եթէ Հայաստանը կը կարծէ, որ անոր պէտքը չունի, Ռուսիան «թեկուզ վաղը» պատրաստ է հեռանալու։

Այսպիսի յայտարարութիւնները պէտք չէ դիտել միայն որպէս բառեր։

Որովհետեւ Կիւմրիի ռազմակայանը միայն ռազմական կառոյց մը չէ։

Ան տասնամեակներէ ի վեր Հայաստան–Ռուսաստան անվտանգային յարաբերութիւններուն ամենատեսանելի խորհրդանիշներէն մԻն է։

Եթէ այդ ներկայութիւնը օր մը իսկապէս հարցականի տակ դրուի, ապա քննարկումը այլեւս միայն ռազմակայանի մասին պիտի չըլլայ։

Պիտի ըլլայ Հայաստանի անվտանգային ամբողջ ճարտարապետութեան մասին։

 

Արցախի էջը փակուա՞ծ է

Փութին կրկին վերադարձաւ Արցախի հարցին եւ 2022-ի Պրակայի հանդիպումին։

Ռուսաստանի նախագահը փորձեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերջին տարիներու ճգնաժամը բացատրել այդ շրջադարձով՝ նշելով, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալէն ետք Մոսկուայի համար ստեղծուած էր նոր իրավիճակ։

Այստեղ եւս երկու կողմերու պատմութիւնները տարբեր են։

Երեւանը կը խօսի անվտանգութեան ձախողած համակարգի մը, պատերազմի եւ նոր իրողութիւններու մասին։

Մոսկուան կը շեշտէ, որ Հայաստանի քաղաքական որոշումները փոխեցին ամբողջ իրավիճակը։

Բայց այսօր իրականութիւնը մէկ բան կը պահանջէ։

Անցեալի շուրջ  վիճելու փոխարէն՝ ապագան որոշել։

Փութին նոյնիսկ օգտագործեց «էջը շրջել»ու  գաղափարը։

Սակայն էջ մը շրջելը չի նշանակեր պատմութիւնը ջնջել։

Եւ այստեղ է, որ Հայաստան պէտք է զգոյշ ըլլայ։

Որովհետեւ Արցախի էջը փակելու մասին քաղաքական յայտարարութիւնը չի նշանակեր, որ անոր հետեւանքները նոյնպէս փակուած են։

 

ԵԱՏՄ-ն՝ Մոսկուայի տնտեսական խաղաքարտը

Ռուսաստանը նաեւ տնտեսական  կարեւոր խաղաքարտ ունի։

Եւ այդ խաղաքարտը փոքր չէ։

Փութին յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը տարեսկիզբէն մինչեւ այժմ հասած է շուրջ 2,5 միլիառ տոլարի։

ԵԱՏՄ-ն Հայաստանի համար կը նշանակէ նաեւ ռուսական շուկայի հասանելիութիւն, տնտեսական արտօնութիւններ եւ  ջերմուժի (յատկապէս կազի Խմբ.՝ Ս. Արեան)  գիներու հետ կապուած առաւելութիւն-առանձնաշնորհումներ։

Այս պատճառով ալ ԵԱՏՄ-ի հարցը միայն քաղաքական հարց չէ։

Ան նաեւ տնտեսական հաշիւ է։

Եւ երբ Մոսկուան Երեւանին կը հարցնէ՝ «ի՞նչ կ՛ուզէք», իրականութեան մէջ կը հարցնէ նաեւ՝ պատրա՞ստ էք արդեօք կրել ձեր ընտրութեան տնտեսական գինը։

 

 Դէպի Մոսկուա 

Այս բոլորին մէջ ամենակարեւոր արձանագրումը թերեւս այն է, որ Փաշինեան եւ Փութին որոշած են շարունակել խօսակցութիւնը Մոսկուայի մէջ։

Փութին Փաշինեանը հրաւիրած է Ռուսաստան՝ մասնագէտներու մասնակցութեամբ մանրամասն քննարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւնները։

Փաշինեան ալ յայտարարեց, որ պէտք է հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոր պայմաններուն մէջ «վերաձեւակերպել»։

Եւ հոս է բուն խնդիրը։ Վերաձեւակերպե՞լ, թէ՞ փոխարինել։

Այս երկու բառերուն միջեւ ամբողջ քաղաքական տարբերութիւն մը կայ։

Եթէ վերաձեւակերպել կը նշանակէ՝ պահպանել ռազմավարական կապը, բայց նոր պայմաններով, նոր փոխադարձ ակնկալութիւններով եւ աւելի հաւասարակշռուած յարաբերութեամբ, ապա կարելի է խօսիլ նոր էջի մասին։

Բայց եթէ վերաձեւակերպումը պարզապէս անցումային բառ մըն է՝ մինչեւ Հայաստանի ամբողջական հեռացումը ռուսական քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային համակարգերէն, ապա Մոսկուայի հանդիպումը կրնայ ըլլալ ոչ թէ նոր սկիզբի, այլ երկար հրաժեշտի հերթական կանգառը։

 

Այս անգամ խօսքը միայն Փութինի եւ Փաշինեանի մասին չէ

Մոսկուայի հանդիպումը, հետեւաբար, պէտք չէ չափել միայն անոր տեւողութեամբ, պաշտօնական յայտարարութիւններով կամ ժպիտներով։

Պէտք է չափել անոր արդիւնքով։

Որովհետեւ Հայաստան այսօր կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ընտրութեան մը դիմաց, որուն հետեւանքները կրնան տարածուիլ տարիներու վրայ։

Երեւանը իրաւունք ունի ընտրելու իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը։

Բայց ինքնիշխանութիւնը միայն ընտրելու իրաւունք չէ։

Ինքնիշխանութիւնը նաեւ ընտրութեան հետեւանքները հաշուելու կարողութիւնն է։

Եւ նոյնը կը վերաբերի Մոսկուային։

Ռուսաստան չի կրնար ակնկալել, որ Հայաստանը յաւերժ պիտի մնայ այն նոյն քաղաքական եւ անվտանգային համակարգին մէջ, որուն շուրջ կառուցուած էր անցեալի դաշինքը։

Հայաստան փոխուած է։

Տարածաշրջանը փոխուած է։

Ռուսաստանի դերը փոխուած է։

Արեւմուտքի ներկայութիւնը փոխուած է։

Եւ այս նոր իրականութեան մէջ հին բանաձեւերով նոր յարաբերութիւն կառուցել կարելի չէ։

Ուստի Մոսկուայի մէջ Փաշինեան–Փութին հանդիպման իրական հարցումը պիտի ըլլայ ոչ թէ՝ «ո՞վ զիջեցաւ», ոչ ալ՝ «ո՞վ յաղթեց»։

Հարցումը շատ աւելի պարզ եւ միաժամանակ շատ աւելի ծանր է։

Կրնա՞ն երկու կողմերը ընդունիլ, որ հին Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի, եւ փոխարէնը ստեղծել նոր մը՝ առանց նոր թշնամանքի։

Եթէ կրնան՝ Մոսկուան կրնայ դառնալ նոր էջի սկիզբ։

Եթէ չեն կրնար՝ այդ հանդիպումը կրնայ դառնալ այն պահը, երբ երկու կողմերը վերջնականապէս պիտի հասկնան, որ տարիներ շարունակ պահպանուած «ռազմավարական դաշինք»ը այլեւս աւելի շատ անցեալի հասկացութիւն է, քան ապագայի ծրագիր։

Պիշքեքը հարցերը բացաւ։ Մոսկուան պիտի տայ պատասխանները։

Եւ այդ պատասխաններուն մէջ պիտի երեւի ոչ միայն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ապագան, այլ նաեւ՝ Հայաստանի տեղը նոր աշխարհի մէջ։

 

Պիշքեքէն Մոսկուա․ նոր էջի՞ նախաբան, թէ՞ վերջնական  «հեռացում»

 Պիշքեքի հանդիպումը, իր բոլոր արձանագրուած յայտարարութիւններով հանդերձ, դեռեւս չի կրնար նկատուիլ Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններու նոր հանգրուանի մը սկիզբը։ Ան աւելի շատ այն կէտն էր, ուր երկու կողմերը բաց կերպով իրարու դիմաց դրին իրենց սպասումները, մտահոգութիւններն ու չլուծուած հարցերը։

Երեւանը կը փորձէ նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ պահպանել Մոսկուայի հետ ունեցած տնտեսական եւ պատմական կապերը, միաժամանակ շարունակելով իր բացուածքը դէպի Արեւմուտք։ Մոսկուան, իր կարգին, կ՛ըսէ, որ Հայաստանի ինքնիշխան ընտրութիւնը կը յարգէ, բայց այդ ընտրութիւնը չի կրնար անվերջ մնալ երկու տարբեր աշխարհաքաղաքական համակարգերու միջեւ։

Հետեւաբար, առաջիկայ Մոսկուայի հանդիպումը պարզապէս Փաշինեան–Փութին հերթական զրոյց մը չէ։

Ան կրնայ դառնալ Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններու իրական վերագնահատման պահը։

Որովհետեւ հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի մէջ պիտի մնա՞յ, թէ՞ ոչ, ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւնները պիտի վերականգնուի՞ն, թէ՞ վերջնականապէս պիտի սառեցուին, կամ Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանը պիտի մնա՞յ, թէ՞ պիտի հեռանայ։

Աւելի խորքին մէջ հարցը կը վերաբերի անոր, թէ Հայաստան–Ռուսաստան ռազմավարական յարաբերութիւն հասկացութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղուան Հայաստանի համար։

Արդեօք երկու երկիրները պիտի կարենա՞ն գտնել նոր ձեւաչափ մը, որ հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի, իրական շահերու եւ նոր տարածաշրջանային իրողութիւններու գիտակցութեան վրայ։

Թէ՞ տարիներու ընթացքին կուտակուած անվստահութիւնը, աշխարհաքաղաքական տարբեր հաշուարկները եւ փոխադարձ ակնկալութիւններու բախումը պիտի շարունակեն երկու կողմերը հեռացնել իրարմէ։

Այս իմաստով Մոսկուայի հանդիպումը կրնայ ըլլալ վճռորոշ։

Որովհետեւ երբեմն պետութիւններու յարաբերութիւնները չեն փոխուիր մէկ յայտարարութեամբ կամ մէկ ստորագրուած փաստաթուղթով։ Անոնք կը փոխուին այն պահուն, երբ կողմերէն մէկը կամ երկուքը կը հասկնան, որ հին ձեւաչափով շարունակելը այլեւս հնարաւոր չէ։

Հայաստան այսօր այդ սահմանագծին վրայ կը գտնուի։

Երեւանը պիտի ստիպուի ոչ միայն կողմնորոշուիլ Արեւելք–Արեւմուտք հակադրութեան մէջ, այլեւ ճշդել, թէ ի՛նչպիսի Ռուսաստան կ՛ուզէ ունենալ իր կողքին, եւ ի՛նչպիսի Հայաստան է պատրաստ Մոսկուան ընդունելու՝ որպէս ինքնիշխան, իր շահերը ինքնուրոյն որոշող պետութիւն։

Ուստի Մոսկուայի մէջ հարցը պիտի չըլլայ միայն՝ ի՞նչ պիտի ըսեն Փաշինեանն ու Փութինը։

Աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ հասկնալ՝ ի՞նչ պիտի փոխուի անոնց հանդիպումէն ետք։

Եթէ երկու կողմերը յաջողին անցնիլ փոխադարձ մեղադրանքներու սահմանէն եւ հասնիլ նոր պայմանագիրի մը՝ քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային նոր ըմբռնումով, ապա Պիշքեքը կրնայ իսկապէս դառնալ նոր էջի մը նախաբանը։

Բայց եթէ Մոսկուան շարունակէ Երեւանը չափել անցեալի չափանիշներով, իսկ Երեւանը Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները փորձէ պահել միայն անցումային տրամաբանութեամբ, ապա ներկայ ճեղքը կրնայ վերածուիլ վերջնական հեռացումի։

Եւ հոս է իրական վտանգը։

Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններուն հարցը այլեւս միայն երկու մայրաքաղաքներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հարց չէ։ Ան Հայաստանի անվտանգութեան, տնտեսական ապագային, տարածաշրջանային դերակատարութեան եւ ի վերջոյ՝ պետական ռազմավարութեան հարցն է։

Պիշքեքը նախաբանն էր։

Մոսկուան պիտի ըլլայ փորձաքարը։

Եւ այդտեղ պիտի երեւի՝ Երեւան եւ Մոսկուա պիտի կարենա՞ն միասին գրել նոր էջ մը, թէ՞ պատմութեան հին էջը, որուն վրայ տակաւին կը մնան բարեկամութեան, դաշնակցութեան, հիասթափութեան եւ անվստահութեան հետքերը, պիտի փակուի վերջնականապէս։

Որովհետեւ այս անգամ հարցը այլեւս միայն «Ռուսիոյ հետ ըլլա՞լ, թէ՞ ոչ»ի հարց  չէ։

Հարցը շատ աւելի ծանր է՝ ի՞նչպիսի Հայաստան պիտի կանգնի Մոսկուայի դիմաց, եւ ի՞նչպիսի Ռուսաստան պիտի ուզէ ունենալ այդ Հայաստանը իր կողքին։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...