image

Կաթողիկոսի եւ 6 եպիսկոպոսներու գործով նիստը՝ 18 սեպտեմբերին

Կաթողիկոսի եւ 6 եպիսկոպոսներու գործով նիստը՝  18 սեպտեմբերին

Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան ստանձնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ եւս վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու քրէական գործի վարոյթը եւ 2026 թուականի Սեպտեմբեր 18-ին նշանակած է նախնական դատալսումներ։

Նիստը հրաւիրուած է դատարանի Էջմիածինի նստավայրին մէջ՝ ժամը 15։00-ին։

Յիշեցնենք, որ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի երկու դատաւորներ՝ Յակոբ Մանուկեանն ու Սերժ Ռուշանեանը, արդէն հրաժարած էին այս գործը քննելէ։ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտնած էր՝ պատճառաբանելով, որ իրեն փաստաբանական արտօնագիր տուած է այս գործով փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։ Իսկ Սերժ Ռուշանեան որոշած էր, որ գործը պէտք է քննուի Երեւանի մէջ։

Արդէն Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան որոշած էր գործը ուղարկել Վճռաբեկ դատարան՝ որոշելու, թէ որ դատարանին մէջ գործը պէտք է քննուի։

Արդիւնքով, Վճռաբեկ դատարանի որոշմամբ, գործը կրկին ստանձնած է Ռուշանեանը։

Յիշեցնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ իբրեւ Արման Սարոյեանի գործով դատական որոշումը չկատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։ Մասնաւորապէս, Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ, այլեւս կարգալոյծ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանն իր աւազանի անունով՝ Արման Սարոյեան, հայցադիմում ներկայացուցած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն զինք ազատելու մասին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հայրապետական տնօրինութիւնը եւ, որպէս հետեւանք, վերականգնել զինք Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին։

Հայցադիմումը վարոյթ ընդունուած է Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Էդգար Յովհաննիսեանի կողմէ։ Վերջինս նաեւ բաւարարած է հայցի ապահովում կիրառելու մասին միջնորդութիւնը՝ ժամանակաւորապէս եպիսկոպոսը վերականգնելով Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին՝ մինչեւ գործով վերջնական դատական որոշման կայացումը։

Այս որոշումէն ետք իրաւապահները քրէական վարոյթ նախաձեռնած են՝ իբրեւ դատական որոշումը չկատարելու համար, որու հետեւանքով Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն նկատմամբ քրէական հետապնդումներ յարուցուած են, եւ արգիլուած է անոնց ելքը ՀՀ-էն։

 

Փետրուար 14-ին յայտնի դարձած է, որ քրէական հետապնդում յարուցուած է նաեւ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ, իսկ անոր նկատմամբ եւս խափանման միջոց կիրառուած է՝ բացակայելու արգիլքը։