image
Հրատապ լուրեր:

Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69

Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69

🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը:

💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու:

🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները:

🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց:

🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը:

🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը:

💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ 

միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը:

Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ու վերաիմաստաւորման առիթի:

Ի՞նչ լուծում ունի վերջին 35 տարիներու ժողովրդագրական տեղապտոյտը, եւ ինչո՞ւ հայերը պէտք է հաւաքուին ու ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք տղամարդոց առողջութեան մասնագէտ, միզասեռախտաբան, հանրային գործիչ Ռաֆֆի Ջանեցեանի հետ։