Սամուէլ Կարապետեանը նոր դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի։ Գործը դատարան ստացուած է սեպտեմբեր 9-ին եւ մակագրուած է դատաւոր Տիգրան Գրիգորեանին։
Սամուէլ Կարապետեանը կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանին պարտաւորեցնել իրմէ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել մայիս 29-ին հնչեցուած վիրաւորանքի համար՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ․ «Ես՝ Նիկոլ Վովայի Փաշինեանս, ներողութիւն եմ խնդրում Սամուէլ Սարգսի Կարապետեանից այն բանի համար, որ 29/05/2026 թուականին հրապարակային ելոյթիս ընթացքում Սամուէլ Կարապետեանի հասցէին հնչեցրել եմ վիրաւորական արտայայտութիւններ»:
Սամուէլ Կարապետեանը կը պահանջէ ներողութիւնը խնդրել Նիկոլ Փաշինեանին պատկանող պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջով՝ ուղիղ եթերով՝ տեսաձայնագրութեան միջոցով․ «Ես՝ Նիկոլ Վովայի Փաշինեանս, ներողութիւն եմ խնդրում Սամուէլ Սարգսի Կարապետեանից» խորագրի ներքոյ՝ վճիռին մէջ նշուած բուն գրութիւնը ընթերցելու միջոցով:
Ըստ հայցապահանջի՝ ներողութեան վերաբերեալ տեսանիւթը եւ խորագիրը պէտք չէ պարունակեն պատասխանողի կամ որեւիցէ երրորդ անձի կողմէ որեւիցէ յաւելում կամ մեկնաբանութիւն, այլ պէտք է բացառապէս պարունակէ ներողութեան բովանդակութիւնը:
Բացի այդ Կարապետեանը պահանջած է Փաշինեանէն յօգուտ իրեն բռնագանձել 3.000.000 դրամ՝ որպէս վիրաւորանքի համար փոխհատուցում։ Ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանէն բռնագանձել պետական տուրքի եւ փաստաբանի խելամիտ վարձատրութեան գումարը։