Լիբանան- Ցուցարարներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ ծանր բախումներ տեղի կ'ունենան Պէյրութի կեդրոնական հատուածներուն մէջ: Կը հաղորդուի, որ ապահովական մարմիններ գործի լծած են ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազեր: LBCI կը հաղորդէ, որ այսօրուան ցոյցին կը մասնակցին աւելի քան 10 հազար քաղաքացիներ: Անոնք կը պահանջեն թափանցիկ կերպով ներկայացնել աղբահանութեան հարցին վերաբերող գործարքները: Յիշեցնենք, որ աղբի խնդիրը երկրին մէջ լուրջ տագնապի վերածուած էր աղբահանութեան «Սուքլին» ընկերութեան պայմանագրի աւարտին եւ «Նահմէ» աղբակայանին փակումէն ի վեր: