image

Պէյրութ. Ջրցան Մեքենաներ Եւ Արցունքաբեր Կազեր Ցուցարարներուն Դէմ

Պէյրութ.  Ջրցան   Մեքենաներ Եւ Արցունքաբեր Կազեր Ցուցարարներուն Դէմ

Լիբանան-  Ցուցարարներուն եւ ապահովական  մարմիններուն միջեւ ծանր  բախումներ  տեղի կ'ունենան   Պէյրութի  կեդրոնական   հատուածներուն մէջ:  Կը  հաղորդուի, որ ապահովական  մարմիններ   գործի լծած են   ջրցան մեքենաներ եւ  արցունքաբեր կազեր:      LBCI կը հաղորդէ, որ  այսօրուան ցոյցին կը մասնակցին   աւելի քան  10   հազար  քաղաքացիներ: Անոնք կը  պահանջեն   թափանցիկ  կերպով ներկայացնել աղբահանութեան  հարցին վերաբերող   գործարքները: Յիշեցնենք, որ    աղբի խնդիրը  երկրին մէջ լուրջ տագնապի վերածուած էր    աղբահանութեան «Սուքլին» ընկերութեան   պայմանագրի աւարտին  եւ «Նահմէ»   աղբակայանին փակումէն  ի վեր: