image

Պէյրութ. Երէկ գիշեր տեղի ունեցած են բախումներ. Կան տասնեակ վիրաւորներ

Պէյրութ. Երէկ գիշեր տեղի ունեցած են բախումներ. Կան տասնեակ վիրաւորներ

Երէկ  գիշեր բախումներ գրանցուած են Պէյրութի կեդրոնական հատուած տանող «Ռինկ» եւ «Ֆուատ շահապ» կամուրջներուն վրայ։

Այս մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը։ 

Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պէյրութի «Ռիատ ալ սոլհ» հրապարակին վրայ  գտնուող ցուցարարներ ենթարկուած են յարձակման, որուն հետեւանքով ալ տասը  անձեր  տարուած են  հիւանդանոց։

Կը նշուի նաեւ, որ յարձակման  հետեւանքով ցուցարարներու կարգ մը վրաններ քանդուած են։

Այս առաւօտ խաղաղ իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ եւ ապահովական մարմիններ յաջողած են բանալ երէկ գիշեր   փակուած բոլոր ճանապարհները։