Թուրքիա-(«ANF News»)- Ճիզրէի բնակիչները, որոնք ապահովական պայմաններու բերումով գաղթած են շրջանէն, կը վերադառնան իրենց տուները: Այս մասին կը գրէ «ANF News»ը, նշելով, որ ժամերով անցակէտերու մօտ սպասելէ ետք, բնակիչները կը շտապեն հասնիլ իրենց տուները եւ անոնցմէ շատերը ոչինչ կը գտնեն, բացի աւերակներէ: Ցուտ թաղամասին մէջ, ուր բախումները սաստկացած են, բնակիչները իրենց տուները կը գտնէին ամբողջական քանդուած վիճակի մէջ: Ումար Ասլան, որ Ցուտի թաղամասի բնակիչ է, եւ որ ստիպուած եղած էր պաշարումին 35-րդ օրը լքել իր տունը՝ պետական յարձակումներու հետեւանքով, արտայայտած է իր ցնցումը եւ զայրոյթը՝ պետական ուժերու կողմէ եղած այս մակարդակի ոչնչացման: Ասլան նշած է, որ տուներու եւ կահոյքներու մեծամասնութիւնը ոչնչացուած են ծանր հրէտանային յարձակումներու պատճառով. «Չենք գիտեր ինչպէս պէտք է արձագանգենք պետական ուժերու այս բիրտ արարքին: Երեխաները տեսնելով իրենց աւերուած տուները, սկսած են լալ» ըսած է Ասլան: Ճիզրէի այլ՝ Քուրում անունով բնակիչը նշած է, որ ամէն ինչով հանդերձ, տէր պիտի կանգնին իրենց ինքնութեան եւ ազատութեան պահանջին: «Պետական ուժերը կրնան ոչնչացնել տուները եւ սպաննել բնակիչները, սակայն անոնք չեն կրնար խլել մեր քրտական ինքնութիւնը» աւելցուցած է Քուրում: Նարին անունով բնակիչ մը դատապարտելով Ճիզրէի «վայրագ» ոչնչացումը, իր ըսելով «բարբարոս զինուորներու եւ ոստիկաններու կողմէ», շեշտած է, որ Ճիզրէի մէջ միակ ահաբեկիչը պետութիւնն է: