image

«Պետութիւնը Չի Կրնար Խլել Մեր Քրտական Ինքնութիւնը»,- Կ'ըսեն Ճիզրէի Բնակիչները

«Պետութիւնը Չի Կրնար Խլել Մեր Քրտական Ինքնութիւնը»,- Կ'ըսեն Ճիզրէի Բնակիչները

Թուրքիա-(«ANF News»)- Ճիզրէի բնակիչները, որոնք   ապահովական  պայմաններու բերումով գաղթած են  շրջանէն, կը վերադառնան իրենց տուները: Այս մասին կը գրէ «ANF News»ը, նշելով, որ ժամերով անցակէտերու մօտ սպասելէ ետք,  բնակիչները կը շտապեն  հասնիլ իրենց  տուները  եւ  անոնցմէ  շատերը ոչինչ կը գտնեն, բացի աւերակներէ: Ցուտ    թաղամասին մէջ, ուր  բախումները սաստկացած  են, բնակիչները իրենց տուները կը գտնէին ամբողջական քանդուած վիճակի մէջ: Ումար Ասլան, որ  Ցուտի   թաղամասի բնակիչ է, եւ որ ստիպուած եղած էր պաշարումին  35-րդ օրը լքել իր տունը՝ պետական ​ յարձակումներու հետեւանքով, արտայայտած է իր ցնցումը եւ զայրոյթը՝ պետական ​​ուժերու կողմէ եղած այս մակարդակի  ոչնչացման: Ասլան նշած է, որ տուներու եւ կահոյքներու մեծամասնութիւնը  ոչնչացուած են ծանր հրէտանային յարձակումներու պատճառով. «Չենք գիտեր ինչպէս պէտք է արձագանգենք  պետական ​​ուժերու այս  բիրտ արարքին: Երեխաները տեսնելով իրենց աւերուած տուները, սկսած են լալ» ըսած է Ասլան: Ճիզրէի այլ՝ Քուրում անունով բնակիչը նշած է, որ ամէն ինչով հանդերձ, տէր պիտի կանգնին իրենց ինքնութեան եւ  ազատութեան պահանջին: «Պետական ​​ուժերը կրնան ոչնչացնել տուները եւ սպաննել բնակիչները, սակայն անոնք չեն կրնար խլել մեր  քրտական ինքնութիւնը» աւելցուցած է Քուրում: Նարին անունով բնակիչ մը դատապարտելով Ճիզրէի «վայրագ» ոչնչացումը, իր  ըսելով  «բարբարոս զինուորներու եւ ոստիկաններու կողմէ»,  շեշտած է, որ Ճիզրէի մէջ միակ ահաբեկիչը  պետութիւնն է: