Ըստ արաբական «Ալ Մայատին» կայանին, Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները մեծապէս վնասուած են Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը որդեգրելէն ետք: Կայանին Անգարայի լրագրողը, այս մասին յատուկ րէբորթաժ մը պատրաստելով, նաեւ կը յայտնէ, որ շատ հաւանական է, որ Թուրքիոյ իշխող AKP կուսակցութիւնը այսօր ի հակադարձութիւն Գերմանիոյ Պունտէսթակի որդեգրած բանաձեւին, հակադարձող խստաոճ յայտարարութեամբ մը հանդէս պիտի գայ: Նշենք, որ քիչ առաջ Անգարա տուն կանչեց Պէրլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան՝ Հիւսէյն Աւնի Քարսլիօղլուն: