ԲՀԿ նախագահ Նայիրա Զոհրապեանի գնահատականով, Էրէբունի զօրանոցի գործողութիւնը իրականացուցած Պաւլիկ Մանուկեանը ահաբեկիչ չէ: Զոհրապեան, որ այս գնահատականը տուաւ այցելելէ ետք Էրէբունի զօրանոցի շրջան, նաեւ ըսաւ, որ այս զինեալ մեթոտը, ոչ մէկ խնդիր կրնայ լուծել: Զոհրապեան կարեւորեց այս փուլին առկայ լարուածութեան վերացումը եւ դիտել տուաւ, որ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին այդ մէկը իրականացնելու համար: Նշենք, որ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էվընզ, որ այսօր այս խնդրին մասին զրուցած էր լրագրողներուն հետ, կարծիք յայտնեց, որ իրենց համար Հայաստանի մէջ բռնութիւններու ճանապարհով փոփոխութիւններու հասնելու գաղափարը կտրականապէս մերժելի է: Էվընզ, որ ցաւակցութիւն յայտնեց գնդապետ Արթուր Վանոյեանի պարագաներուն, նաեւ ըսաւ, որ ինք դէպքերու սկիզբէն ի վեր կապի մէջ չէ եղած ՀՀ իշխանութիւններուն հետ, բայց մօտէն կը հետեւի դէպքերու զարգացման: