image
Հրատապ լուրեր:

Պաւլիկը ահաբեկիչ չէ. Նայիրա Զոհրապեան

Պաւլիկը ահաբեկիչ չէ. Նայիրա  Զոհրապեան

ԲՀԿ նախագահ Նայիրա Զոհրապեանի գնահատականով, Էրէբունի  զօրանոցի  գործողութիւնը իրականացուցած Պաւլիկ Մանուկեանը ահաբեկիչ չէ:   Զոհրապեան, որ այս գնահատականը տուաւ այցելելէ ետք Էրէբունի զօրանոցի  շրջան, նաեւ ըսաւ, որ այս զինեալ մեթոտը, ոչ մէկ խնդիր  կրնայ լուծել: Զոհրապեան   կարեւորեց   այս  փուլին  առկայ լարուածութեան  վերացումը եւ դիտել տուաւ, որ բոլոր կողմերը  պէտք է աշխատանք  տանին  այդ մէկը իրականացնելու համար: Նշենք, որ  Հայաստանի   մօտ ԱՄՆ դեսպան   Ճոն Էվընզ, որ այսօր  այս խնդրին մասին զրուցած էր   լրագրողներուն հետ, կարծիք յայտնեց, որ իրենց համար  Հայաստանի մէջ բռնութիւններու ճանապարհով փոփոխութիւններու  հասնելու գաղափարը կտրականապէս մերժելի է: Էվընզ, որ ցաւակցութիւն  յայտնեց գնդապետ Արթուր Վանոյեանի   պարագաներուն, նաեւ  ըսաւ, որ ինք  դէպքերու սկիզբէն ի  վեր  կապի մէջ  չէ եղած   ՀՀ իշխանութիւններուն հետ, բայց մօտէն կը հետեւի դէպքերու զարգացման: