image
Հրատապ լուրեր:

Պատմական Հայաբնակ Ղընէմիէն Սուրիոյ Բանակի Իշխանութեան Տակ է

Պատմական Հայաբնակ Ղընէմիէն Սուրիոյ Բանակի Իշխանութեան Տակ է

Սուրիական բանակը իր տիրապետութեան տակ առած է Լաթաքիյ հիւսիսային արուարձանը գտնուող Ղընէմիէ գիւղը: Ղընէմիէի ազատագրումը մաս կը կազմէ Սուրիական բանակի  Լաթաքիոյ շրջակայքին մէջ իրականացուցած ռազմական գործողութիւններուն՝ ուղղուած ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ: նշենք, որ  բանակը վերջին օրերուն աշխուժացնելով իր գործողութիւնները, այլ շրջաններ եւս վնասազերծած է:

Նշենք, որ Ղընէմիէի բնակչութիւնը զինեալ խմբաւորումներու ներխուժման պատճառով, 4 տարիներ առաջ արդէն հեռացած էր գիւղէն ։

Ղընէմիէն, Քեսապի եւ Սուրիոյ տարածքին գտնուող այլ կարգ մը հայաբնակ պատմական գիւղերէն մէկը եղած էր, սակայն այնտեղ ապրող հայութիւնը արդէն արաբախօս դարձած էր եւ սուրիահայութեան կողմէ կ'օգտագործուէր միայն որպէս ամարանոց։