«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպահայ նկարիչ Զաւէն Պարտաքճեան։ Նշենք, որ մեր խօսակիցը ներկայիս կը վարէ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը։
-Ի՞նչ են այն պատճառները, որոնց շնորհիւ եւ հակառակ Հալէպը հարուածած պատերազմին, դուք չլքեցիք Սուրիան:
Պատերազմի պատճառով Սուրիան լքել կամ չլքելու հարցը անհատական մօտեցման հարց է: Ամէն մարդ իր համոզումով կ'ապրի: Շատեր լքեցին, շատեր ալ մնացին, երկու պարագաներուն ալ դժգոհ եղողներ կան, գոհ եղողներ կան, զղջացողներ ալ կան, բայց այս մէկը կեանքի բնականոն ընթացքն է, այս բոլորը պիտի պատահէր, գոյութիւն պիտի ունենար որեւէ մէկ ժամանակ, որեւէ մէկ երկրի մէջ: Կարծիքներու տարբերութիւններ պիտի ըլլան միշտ:
- Գիտենք որ պատերազմէն ետք դժուար փուլ մը կը սկսի: Արդեօք յետպատերազմեան Հալէպի իրականութեան մէջ ձեր արուեստի կապակցութեամբ ներշնչման աղբիւրներ կա՞ն:
Ես միշտ շարունակած եմ ստեղծագործել, պատերազմի շրջանին իմ արուեստիս միջոցաւ ներկայացուցած եմ մասնաւորապէս Հալէպի ողբն ու հալէպցիին գոյապայքարը, մաքառումը:
Իմ այս շրջանի գործերուս մէջ ամենաընդգծուած տարրը փոթորիկն է, որ լաւագոյնս կ'արտացոլէ Սուրիոյ ժողովուրդին հոգեվիճակը: Մենք ունէինք փոթորկոտ կեանք մը, ամէն օր փոթորկոտ տունէն կ'իջնէինք, չգիտնալով, որ ետ պիտի վերադառնանք, թէ ոչ: Պահեր կ'ըլլային յուսահատութիւնը մէկ կողմ դրած շատ լաւատես կ'ըլլայինք, որ պատերազմն աւարտեցաւ, պահեր ալ կ'ըլլային, որ ջղային վիճակ կու գար, երկիր երկինք իրար կ'անցընէինք մեր արտայայտութիւններուն մէջ եւ այսպէս շարունակուեցաւ կեանքը:
Իմ այդ ստեղծագործութիւններով մասնակցեցայ խմբային ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ ունեցայ երկու անհատական մեծ ցուցահանդէսներ, որոնցմէ մէկը կազմակերպած էր մեր համայնքի Ազգային իշխանութիւնը, իսկ միւսը կազմակերպած էր պետական մամուլի եւ արուեստի միութիւնը։
-Ինչպէ՞ս է ձեր շրջապատին վերաբերմունքը, ի՞նչ կ'ըսեն ձեզի, երբ կը նկատեն, որ դուք հակառակ ծանր պայմաններուն կը շարունակէք հաւատալ արուեստի ուժին:
Ես շարունակեցի ստեղծագործել հետեւելով իմ տարիներով փայփայած գաղափարիս, առանց մէկուն կարծիքին կամ շրջապատին ազդեցութեան հետեւելուն: Իմ համոզմունքը այն է, որ կեանքի դժուար պայմաններուն մեր կենսակերպը՝ իմ պարագայիս արուեստը լքելով հարց չենք լուծեր, երբ ջուրը կը պղտորի, պիտի սորվինք պղտոր ջուրի մէջ լողալ, պատերազմի շրջանին այս միտքի ծայրայեղ վերլուծումի մը հասայ, որ՝ եթէ նոյնիսկ ջուր ալ չըլլայ, պիտի շարունակենք լողալ: Այս քաղաքը մեր քաղաքն է, հոս աճեր ենք, մեծցեր ենք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ: Մինչեւ այսօր բոլոր դժուարութիւններուն դիմադրեցինք եւ պատրաստ ենք այսուհետ եւս շարունակել այդ դիմադրութեան ուղին:
-Ի՞նչ կ'ըսէք այն հայորդիներուն, որոնք պատերազմի հետեւանքով հեռացան Հալէպէն:
Յուսահատներ ըստ իրենց պայմաններուն եւ զրկանքներուն գաղթեցին եւ տակաւին կը գաղթեն: Ո՛չ մեկնողը կ'այպանենք, ո՛չ մնացողը: Իւրաքանչիւրը ունի իր համոզումը: Ողջունելով Հալէպին կառչողները, չ'այպանենք պայմաններու բերումով հեռացողները: Մեր կարծիքը յայտնենք առանց վիճելու: Բազմակարծութիւնը բնական երեւոյթ է: Օգտուինք տեսակէտներու զանազանութենէն: