image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմի բռնկման որոշումը «Հըզպալլա»ին է. «Bloomberg»

Պատերազմի բռնկման որոշումը «Հըզպալլա»ին է. «Bloomberg»

Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը անդրադարձած է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նշելով, որ «Հըզպալլա»ի ձեռք բերած յաղթանակը կը փաստէ տարածաշրջանին մէջ Իրանի գերակշիռ ուժի աճը, բան մը, որ Իսրայէլի հետ հակամարտութեան հաւանականութիւնը կը մեծցնէ:

Լրատուական գործակալութեան կարծիքով, վարչապետ Հարիրիի գլխաւորած «Մուսթաքպալ» քաղաքական շարժումը խոշորագոյն պարտութիւնը կրած է ընտրութիւններուն, որովհետեւ իր աթոռներու մէկ երրորդը կորսնցուց, մինչդեռ «Հըզպալլա»ի գլխաւորած դաշինքը 72 աթոռ ձեռք բերաւ:

Աղբիւրը կարծիք յայտնած է, թէ նման իրողութիւն ԱՄՆ-ի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի մօտ Իրանի հզօրացման վտանգին նկատմամբ մտահոգութիւն պիտի առաջացնէ, եւ տարածաշրջանային պատերազմի հաւանականութիւնը մեծցնէ:

Ալ Մաշրէք ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սամի Նատէր իր հերթին յայտնած է, թէ յետ այսու Սուրիա «Հըզպալլա»ի միջոցով պիտի ներգրաւուի Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մէջ: