image

Պաքուի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման աւարտին հռչակագիր մը ստորագրուած է

Պաքուի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման աւարտին հռչակագիր մը ստորագրուած է

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները, Պաքուի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներու ծիրէն ներս, 8 Օգոստոսին հռչակագիր մը ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը։

Հռչակագիրին մէջ կողմերը կը շեշտեն, թէ տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնները էական խոչընդոտ են տարածաշրջանային համագործակցութեան դիմաց եւ կ'ընդգծեն անոնց շուտափոյթ կարգաւորման կարեւորութիւնը:

Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը նշուի երեք երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը՝ երեք երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով, առաջին եռակողմ հանդիպումն էր, սակայն Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, թէ նման հանդիպումներ պէտք է յաճախ կայանան, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ երեք երկիրները նմանատիպ խնդիրներ ունին տնտեսական, ապահովական եւ ահաբեկչական ոլորներներուն մէջ։

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի առաջարկած է Ռուսիա-Իրան-Ազրպէյճան ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կայացնել Իրանի մէջ:

«Նման միջոցառումներ, որոնք կը ձեռնարկուին մեր պետութիւններուն կողմէ, երկխօսութեան շրջանակ կը ստեղծեն՝ ուղղուած նաեւ երեք երկիրներու տարածաշրջանային համագործակցութեան», -ըսած է Ռոհանի: