image

Կեղծիքի բացայայտում. Իբր թէ Պաքուի հայերը պատգամ յղած են Կաթողիկոսին

Կեղծիքի բացայայտում. Իբր թէ Պաքուի հայերը պատգամ յղած են Կաթողիկոսին

Քանի մը ատրպէյճանական կայքեր յայտնած են, որ Ատրպէյճանի մէջ հայերը անցեալ Հոկտեմբերին՝ Արցախեան պատերազմի ընթացքին, պատգամ յղած են «Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, աշխարհի հայերուն եւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն»։

Ատրպէյճանական կայքերէն մէկը (Report News Agency) պնդած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ «տասնեակ հազարաւոր հայերու խումբ մը ստորագրած է պատգամը»։ Միայն այս մէկ նախադասութենէն կարելի է եզրակացնել, որ այս տեղեկատուութիւնը կատարեալ սուտ է, քանի որ Պաքուի մէջ «տասնեակ հազարաւոր հայեր» չկան: 1988ին եւ 1990ին ատրպէյճանական  ամբոխին  կողմէ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրերու մէջ հայերու դաժան ջարդերէն ետք, ողջ մնացած գրեթէ բոլոր հայերը փախած են այդ երկրէն՝ իրենց կեանքը փրկելու համար: Ատրպէյճանի մէջ մնացած քանի մը հայերը անոնք են, որոնք ամուսնացած են ատրպէյճանցիներու հետ: Անընդհատ ապրելով վախի մէջ՝ անոնք կ՛օգտագործեն ատրպէյճանական անուններ՝ իրենց իսկական ինքնութիւնը քողարկելու համար:

Ես երկու անգամ փորձեցի պարզել, թէ այս նամակը իսկակա՞ն է արդեօք, կամ՝ կեղծ: Նախ, դիմեցի ատրպէյճանական կայքերէն մէկուն, որ յղում ըրած էր այդ նամակին՝ խնդրելով նամակին լուսապատճէնը։ Կ՛ուզէի տեսնել, թէ քանի՞ հոգի ստորագրած է զայն, եւ անոնց անունները: Ատրպէյճանական կայքը, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, նիւթապէս կը հովանաւորուի Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, պատասխանեց, որ իրենք ի վիճակի չեն «մանրակրկիտ քննութիւն իրականացնելու»: Միակ տեղը, ուր յայտնուած է կեղծ նամակին ամբողջական գրութիւնը, եղած է ատրպէյճանական կայքէջը (Armenia.az), որ  շարունակաբար  կը տեղադրէ հարիւրաւոր հակահայկական յօդուածներ՝ հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Այս յօդուածները կը գրեն ատրպէյճանցիները, որոնք նախապէս ապրած են Հայաստան եւ լաւապէս կը տիրապետեն հայերէնի:

Նամակը ճշդելու յաջորդ փորձս Հայաստանի մէջ ենթադրեալ ստացողի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական բաժնին հետ էր։ Կաթողիկոսութիւնը տեղեակ չէր նման նամակ մը ստանալէն եւ նշեց, որ այդ, ամենայն հաւանականութեամբ, Պաքուի սովորական յերիւրանքներէն մէկն է:

Ընթերցողները զուարճացնելու համար հոս ներկայացուած են հատուածներ հայկական կեղծ նամակէն՝ տեղադրուած 9 Հոկտեմբեր 2020ին, ատրպէյճանական Armenia.az կայքի վրայ:

«Այսօր Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին տասնեակ հազարաւոր հայեր։ Այս երկրին մէջ բոլոր մարդոց նկատմամբ, անկախ կրօնէն, կամ ցեղէն՝ նոյն ձեւով կը վերաբերին։ Ամէն ոք այս երկրին մէջ կ՛օգտուի՝ Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ քաղաքացիներուն ներկայացուող միեւնոյն իրաւունքներէն»։  Նամակի այս առաջին երկու նախադասութիւններուն մէջ կայ երկու ակնյայտ սուտ. «Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին տասնեակ հազարաւոր հայեր», եւ անոնց հետ «կը վերաբերին նոյնպէս», ինչպէս կը վերաբերին Ատրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիներուն հետ:

Ենթադրեալ հայ նամակագիրները դիմած են Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` օգտագործելու համար իր «հեղինակութիւնը եւ ուժը՝ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բռնագրաւման քաղաքականութեան դադրեցման, բռնագրաւուած ատրպէյճանական հողերը իրենց տէրերուն վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Աջակցութիւն ցոյց տալ անարդար արիւնայեղութիւնը կանխելու հարցով»։ Ոչ մէկ իրաւ հայ այսպիսի յայտարարութիւն կ՛ընէր, բացի եթէ անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Այնուհետեւ նամակին մէջ կը դիմեն «աշխարհի հայերուն եւ հայկական զանազան լոպիներուն՝ իրենց աջակցութիւնը կեդրոնացնելու անոր վրայ, որպէսզի մարդիկ ապրին խաղաղութեան պայմաններու մէջ»՝  պնդելով, որ Ատրպէյճանի Գեանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ Գարինա Գրիգորեան անունով հայուհի մը ծանր վիրաւորուած է հայկական ռմբակոծութեան ընթացքին։ Դժուար թէ այդպիսի հայ կին մը բնակի Գանձակի մէջ: Մէկ բան հաստատ է. Ատրպէյճանի մէջ ոչ մէկ հայ կ՛ունենայ այդքան ակնյայտ հայկական անուն: Հայկական անուններով անձեր, որոնք կ՛ապրէին Ատրպէյճան, կա՛մ սպաննուած են, կա՛մ փախած են երկրէն մօտաւորապէս 30 տարի առաջ:

Նամակին մէջ կը շարունակուէր պնդումը, որ Ատրպէյճան «հակաահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէ միայն իր տարածքին մէջ, բռնագրաւումէ ազատագրել ուզելով իր պատմական հողերը»։ Ատրպէյճանի համար կեղծաւորութեան  գագաթնակէտ է պնդել, որ  կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ՝ անցեալ տարուան պատերազմին մէջ քանի մը հազար սուրիացի իսլամիստ ահաբեկիչներ Արցախի դէմ կռուելու համար բերելէն ետք:

Ապա նամակը կոչով կը դիմէր «Ղարաբաղի (Արցախի) հայերուն», այն կեղծ պնդումով, թէ «30 տարի առաջ դուք երջանիկ էիք Ատրպէյճանի հողերուն վրայ, ուր հիմա կ՛ապրիք։ Ձեր նիւթական բարեկեցութիւնը բարձր էր, ձեր բոլոր իրաւունքները պաշտպանուած էին, որովհետեւ Ատրպէյճան մեր նկատմամբ միշտ վերաբերած է իբրեւ իր քաղաքացիները։ Իսկ այժմ Հայաստանի ստուերային ղեկավարութիւնը ձեզ վերածած է սեփական խաղերու զոհի։ Մենք շատ կ՛ափսոսանք ասոր համար։ Դուք նոյնպէս ունիք մարդու նման ապրելու իրաւունք եւ հնարաւորութիւն, բայց Հայաստանը ձեզ զրկած է այդ բոլորէն։ Ուշքի եկէք, քանի դեռ ուշ չէ եւ հրաժարեցէք այդ խաղին մէջ գործիք դառնալէ։ Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ ձեր բոլոր իրաւունքները, որոնց շարքին՝ նաեւ ձեր ապահովութիւնը։ Մենք կը հանդիսանանք ասոր վառ օրինակը»։

Այս նամակին բովանդակութիւնը աւելի շատ կատակերգութեան կը նմանի, քան հաւաստի պատգամի: Անոնք, որոնք յօրինած են այս նամակը, այնքան մոլորած են, որ կը կարծեն՝ հայերը կը հաւատան այսպիսի ակնյայտ սուտերու:

Նամակը վերջապէս կոչով դիմած է հայ մայրերուն «Մի՛ փակէք աչքերը Ատրպէյճանի հողերու մէջ ինկած ձեր զաւակներու մահուան վրայ, որովհետեւ դուք զանոնք աշխարհ չէք բերած, որ դառնան այս կամ այն ուժերու խաղերուն զոհերը»։ Շատ յուզիչ է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, դիմակաւորուելով իբրեւ Պաքուի հայեր, այդքան հոգ տանէր հայ մայրերու եւ անոնց զաւակներու բարեկեցութեան․․․

Այս կոչին մէջ միակ լաւ բանը այն է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մեծ գումարներ կը  վատնէ՝ այսպիսի անօգուտ նամակներ եւ կայքեր պատրաստելու համար՝ վճարելով ատրպէյճանցիներուն, որոնք այլապէս գործազուրկ կ՛ըլլային: Ոչ մէկ հայ կը հաւատայ այս կեղծ լուրերուն ոչ իսկ մէկ բառին: Լուրեր, որոնք կը յայտնուին Armenia.az (az՝ Ատրպէյճան) կայքի վրայ: Կ՛առաջարկեմ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ստեղծէ նաեւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայան՝ հայերէն հաղորդումներ հեռարձակելու համար՝ աւելի եւս գումար վատնելով, որ իրենց ղեկավարները դեռ չեն թալանած․․․

Չեմ կարծեր, որ ասիկա Պաքուի հայերու կողմէ եղած իսկական դիմում մըն է: Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ եթէ չնչին ճշմարտութիւն մը կայ յայտարարուած նամակին մէջ, այդ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան որդեգրած է Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ իր հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններուն ստիպել քարոզչական կեղծ յայտարարութիւններ տարածել՝ ծածկելու համար մարդկային իրաւունքներու իր կոպիտ խախտումները:

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան