Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Միքայէլ Արք. Մուրատեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 15-ամեակին առիթով, Նոր Անգլիոյ Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հրապարակեց շնորհաւորական ուղերձ մը՝ արժեւորելով Սրբազան Հօր տասնհինգ տարիներու հովուական ծառայութիւնը։
Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ 31 Յուլիս 2011-ին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած Միքայէլ Արք. Մուրատեան, վերջին տասնհինգ տարիներուն իր առաքելութիւնը իրականացուցած է իմաստութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Քրիստոսի ու Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ անսակարկ նուիրումով՝ առաջնորդելով Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալները Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին։
Շնորհաւորական խօսքին մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ անոր եպիսկոպոսական ծառայութիւնը ոգեւորած է հաւատացեալները՝ աւելի խորացնելու իրենց քրիստոնէական կեանքը եւ սիրով ծառայելու միմեանց։
Նոր Անգլիոյ Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, Ծխական խորհուրդը, միութիւններն ու հաւատացեալները իրենց աղօթքներն ու բարեմաղթութիւնները յղած են Սրբազան Հօր՝ մաղթելով, որ Ամենակալ Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ բոլոր հայ սուրբերուն բարեխօսութեամբ, շարունակէ շնորհել անոր առողջութիւն, իմաստութիւն եւ երկարամեայ արդիւնաւէտ հովուական ծառայութիւն։