image

Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Եուվենթուս»-ի ակադեմիայի մասնաճիւղը

Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Եուվենթուս»-ի ակադեմիայի մասնաճիւղը

Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ պաշտօնապէս բացուած է իտալական «Եուվենթուս» ֆութպոլի ակումբի ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան (Ֆետերասիոնի) նախագահ Արմէն Մելիքբեկեան, UEFA-ի ընդհ. քարտուղար Թէոտոր Թէոտորիտիս, «Եուվենթուս»-ի ներկայացուցիչներ եւ ակումբի նախկին աստղերէն Ֆապրիցիօ Ռաւանելլին:

Աւանի մարզակեդրոնը ունի խաղադաշտեր, մարզասրահ, բժշկական քննութեան ու վերականգնումի բաժիններ, ինչպէս նաեւ մարզիչներու եւ կարիքաւոր պատանիներու համար

կացարան: Ծրագրին արդէն շուրջ 20 միլիոն տոլարի ներդրում կատարուած է. ներկայիս կը գործեն երկու մարզակեդրոններ՝ Աւանի եւ Կեդրոնի մէջ։

Նոյն օրը Կոտայքի մարզի Նոր Հաճըն համայնքին մէջ տրուած է ակադեմիայի երրորդ մասնաճիւղին եւ մարզական նոր համալիրին շինարարութեան մեկնարկը:

Իշխանութիւններուն համաձայն՝ ասիկա Հայաստանի մէջ եւրոպական մեծ ակումբի առաջին նման ակադեմիան է եւ նպատակ ունի տեղացի մանուկներուն ու պատանիներուն հասանելի դարձնել միջազգային մակարդակի ֆութպոլային պատրաստութիւնը: