image

ԹՈՒՄՕ-ն 17 միլիոն տոլար հանգանակեց իր 15ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին

ԹՈՒՄՕ-ն 17 միլիոն տոլար հանգանակեց իր 15ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին

ԹՈՒՄՕի 15ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ կազմակերպութեան առաքելութիւնը՝ կեանքեր փոխող ուսումնական փորձառութիւններ փոխանցել երիտասարդներուն՝ համաշխարհային մակարդակով: Անդրադարձ կատարուեցաւ անոր ունեցած ազդեցութեան ու աճին, ինչպէս նաեւ հայեացք նետուեցաւ ուսանողներու յաջորդ սերունդին վրայ, որ ամրապնդուած է արհեստագիտութեան, ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան միջոցներով:

Երեկոյին ընթացքին հանգանակուեցաւ 17 միլիոն տոլար, որ պիտի ապահովէ կազմակերպութեան շարունակական աճն ու ընդլայնումը Հայաստանի մէջ:

Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին, Լոս Անճելըսի Vibiana սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին ներկաները սուզուեցան People of Ar-ի պատրաստած տպաւորիչ լուսային տեսողական փորձառութեան մէջ, որ կեանքի կոչեց ԹՈՒՄՕի ուսանողներուն ստեղծագործական աշխատանքները: Տեղադրութիւնը (installation) ներշնչուած էր ուսանողներուն աշխատանքներէն, որոնց միջոցով ուսանողները թուայնօրէն պահպանած են հայկական վանքերն ու մշակութային կոթողները այն տարածքներուն մէջ, որոնք պատերազմի հետեւանքով դուրս մնացած են հայկական վերահսկողութենէն: Միահիւսելով արուեստը, արհեստագիտութիւնը եւ մշակութային պահպանութիւնը՝ այս փորձառութիւնը հզօր հայեացք մը ընծայեց այն մասին, թէ ԹՈՒՄՕի ուսանողները ինչպէս կ՛օգտագործեն իրենց հմտութիւնները՝ ստեղծագործութիւնը պատմութեան եւ ժառանգութեան հետ կապելու համար:

Երեկոյի հանդիսավարն էր Nasdaq-ի հաղորդավար Քրիսթինա Այանեանը:

Հիւրերու ցանկին մէջ էին՝ Արման Ծառուկեան, Մերի Պասմաճեան, Մայքըլ Կուրճեան, Սոնա Մովսէսեան, Տէյվ Ֆարինա, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան, Քեթրին Սարաֆեան եւ ուրիշներ:

«Տասնհինգ տարիներ առաջ ԹՈՒՄՕն սկսաւ պարզ գաղափարով մը՝ երբ երիտասարդները ունին իրենց տաղանդները յայտնաբերելու ազատութիւն, անոնք ունին ուժը՝ կերտելու ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ ամբողջ ազգի մը ապագան», ըսին ԹՈՒՄՕի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները, աւելցնելով․ «Անկէ ի վեր, մենք ականատես եղած ենք, թէ ինչպէս հազարաւոր երիտասարդներ մուտք գործած են ԹՈՒՄՕի դռներէն ներս եւ աճած են իբրեւ ինքնավստահ երիտասարդներ, որոնք գիտեն, որ իրենց գաղափարները կարեւոր են»:

Երեկոյի ընթացքին մեծարուեցան ServiceTitan-ի համահիմնադիր եւ նախագահ Վահէ Քուզոյեանը, ServiceTitan-ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն (CEO) Արա Մահտեսեանը եւ NVIDIA-ի Physical AI Simulation-ի փոխնախագահ Ռեւ Լիպարէտեանը, որոնք առանցքային դեր խաղացին Firebird-ի՝ Հայաստանի առաջին բարձր արտադրողականութեամբ արհեստական բանականութեան (AI) ընկերութեան եւ Հայաստանը իբրեւ արհեստական բանականութեան նոր ռազմավարական կեդրոն հաստատելու գործին մէջ:

Նաեւ, System Of A Down-ի հիմնադիրներէն Սերժ Թանգեան յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ, հիւրերուն պարգեւելով իր սիրուած երգերէն փունջ մը:

Աճուրդին դրուած էին բացառիկ առաջարկներ, ներառեալ՝ մարզում եւ ճաշ UFC-ի մարզիկ Արման Ծառուկեանի հետ, թենիսի դաս՝ լաւագոյն Անտրէ Աղասիի հետ եւ ճատրակի դաս՝ գերվարպետ Լեւոն Արոնեանէն, որոնք ուրճացուցին երեկոյին հանգանակուած միջոցները:

Երեկոյին ընթացքին ԹՈՒՄՕի ղեկավարութիւնը խօսեցաւ այն ազդեցութեան մասին, որ կազմակերպութիւնը ունեցած է ամբողջ աշխարհի մէջ: ԹՈՒՄՕի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը նշեց. «Մարդիկ յաճախ կը կարծեն, թէ ԹՈՒՄՕն վայր մըն է, ուր երիտասարդները կը յայտնաբերեն իրենց հետաքրքրութիւնները, կը կողմնորոշուին, թէ ինչ կ՛ուզեն ընել իրենց կեանքին մէջ եւ կը զարգացնեն այն հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են մրցունակ ասպարէզներ հետապնդելու համար: Անշուշտ, այդ բոլորը ճիշդ է, բայց իսկական հրաշքը կը պատահի այն ատեն, երբ մեր ուսանողները, յաճախ իրենք ալ զարմանալով, կը յայտնաբերեն այն արտակարգ կարողութիւնները, որոնք ի սկզբանէ ունէին իրենց մէջ»:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ 1991ին պատրաստուած «Արարատ»ի բացառիկ քոնեաքի վաճառքը՝ իբրեւ յարգանքի տուրք Հայաստանի վերանկախութեան 35ամեակին: Նուիրաբերուած ըլլալով «Երեւան» քոնեաքի գործարանին հետ ԹՈՒՄՕի գործընկերութեան միջոցով՝ շիշը կ՛արտացոլէ անոնց միացեալ յանձնառութիւնը՝ հայկական ժառանգութեան, ստեղծագործութեան եւ ապագայ սերունդներուն հանդէպ: