image

Իսթանպուլի մէջ եօթյարկանի շէնք փլnւզած է. կան տnւժածներ

Իսթանպուլի մէջ եօթյարկանի շէնք փլnւզած է. կան տnւժածներ

 

Իսթանպուլի մէջ եօթյարկանի բնակելի շէնքի երեք ստորին յարկերը փլուզած են։ Փրկարարները կը կատարեն շէնքի բնակիչներու տարհանումը, կը հաղորդէ TRT հեռատեսիլի կայանը։

Փրկուածներուն մէջ կայ 14 տարեկան դեռահաս։ Բոլոր վիրաւորները տեղափոխուած են հիւանդանոց, անոնց վիճակը բաւարար է։ Ընդհանուր առմամբ, ըստ քաղաքապետարանի ծառայութիւններու տուեալներուն, շէնքին մէջ գրանցուած է 33 բնակիչ։ Այս պահուն յայտնի չէ, թէ փլուզման պահուն քանի՞ մարդ կը գտնուէր շէնքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Իսթանպուլի նահանգապետ Տաւութ Կիւլը։

Կիւլ նշած է, որ փլուզման պահուն բնակարաններուն մէջ գտնուող մարդոց իրական թիւը կրնայ տարբերիլ գրանցման տուեալներէն։

«Այս պահուն պարզած ենք, որ այդ 14 հոգիէն երկուքը հոս չեն, այլ իրենց հարազատ քաղաքներուն մէջ են։ Հինգ մարդ փրկուած է։ Չորսին հետ յաջողած ենք կապ հաստատել։ Փլատակներուն տակ մնացած եւս երեք մարդոց որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին», յայտնած է ան։

Նահանգապետը աւելցուցած է, որ շէնքի փլուզման պատճառները պիտի քննուին թէ՛ դատական, թէ՛ վարչական կարգով։