Նուպար Աֆէյեանի Moderna ընկերութիւնը պատրաստ է սկսիլ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթերու քլինիկական ուսումնասիրութիւններու եզրափակիչ փուլը։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։
Reuters-ը կը հաղորդէ, որ հետազօտութիւններու առաջնային նպատակը պիտի ըլլայ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւի նուազեցումը՝ պատուաստուած հիւանդներուն մօտ, երկրորդային կէտը՝ ծանր վիճակի մէջ գտնուողներու թիւի նուազեցումը։