image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Տարուան Գիշերը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Պիտի Գտնուի Սահմանային Զօրքերուն Մօտ

Նոր Տարուան   Գիշերը  ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը  Պիտի Գտնուի Սահմանային Զօրքերուն Մօտ

Նոր տարուան գիշերը` Դեկտեմբեր 31-ին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը աննախադէպ տօնական պատրաստութիւն կը տեսնէ զինուորներուն համար: Նոր Տարուան  եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն  առթիւ  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը   տօնական     պատրաստութիւններ  նախատեսած է     զինուած ուժերու սահմանապահ զօրքերուն համար:  Այս մասին  յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան նշած է, որ զինուորներուն համար նաեւ մշակութային ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին: «Բոլոր զօրամասեր այցելելու են  պետական, հասարակական, մշակութային ու քաղաքական գործիչներ, գուցէ ոչ բոլորը հէնց 31 Դեկտեմբերին, բայց այդ օրերին կը լինեն համերգներ, միջոցառումներ»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան: ՊՆ մամուլի քարտուղարը նշած է, որ սովորոյթի համաձայն` Ամանորի գիշերը սահման պիտի այցելէ նաեւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: «Նախարարը եւս լինելու է զօրամասերից մէկում, չեմ կարող ասել` որ մէկում, նախարարը 30-ին ունենալու է ուղերձ զինուորին ուղղուած»,-եզրափակած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

 

Նիւթի աղբիւր ՝ Tert.am