Սուրիոյ մէջ Դատական բժշկութեան մարմնի ընդհանուր տնօրէն Զահէր Հաճճօ շարք մը փաստեր բացայայտած է Տումայի մէջ յայտնաբերուած զանգուածային գերեզմանի մասին:
«Այսօրուան դրութեամբ 117 մարդու մարմին յայտնաբերուած է, կայ նաեւ այլ գերեզմաններու գոյութեան հաւանականութիւն», -ըսած է ան, «Ալ-Ժատիտ»ին հետ զրոյցի ժամանակ, նշելով, որ զոհերուն մէջ կան կիներ եւ երեխաներ:
Դատաբժիշկի համաձայն, բոլոր զոհերը սպաննուած են գնդակահարմամբ, երկու շաբաթ առաջ, այսինքն «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի եւ սուրիական կառավարութեան միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին:
Ան նաեւ նշած է, որ գերեզմանի յայտնաբերումէն անմիջապէս ետք դիակները տեղափոխուած են «Ալ-Մուասաթ» հիւանդանոց, ուր դատաբժշկական վարչութիւնը լուսանկարած եւ սկսած է զոհերու նոյնականացման (ճանաչման) աշխատանքը, բացատրելով, որ ատամնաբուժներ ներառող յանձնաժողով մը ձեւաւորուած է, որ ծնոտի միջոցաւ պիտի փորձէ ծանօթանալ զոհերու ինքնութեան: Եթէ պատահին դէպքեր, ուր կարելի չըլլայ դիակներուն ինքնութեան ճանաչումը, պիտի կատարուին DNA քննութիւն: