Կառավարութեան կազմին մէջ 6 նախարար կը շարունակեն աշխատել իրենց նախկին պաշտօններով։ Վերանշանակուած է Դաւիթ Տոնոյեանը։
«Sputnik»ի հաղորդմամաբ, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանով արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնին վերանշանակուած է Դաւիթ Տոնոյեանը։
Մինչ այդ իրենց նախկին պաշտօններուն արդէն վերանշանակուած էին կառավարութեան 5 անդամներ` պաշտպանութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, ֆինանսներու, արտաքին գործերու նախարարները։
11 նախարարական աթոռներ դեռ կը սպասեն իրենց նոր տէրերուն։