Նոր Գիւղի մէջ զոհուած 4 հայորդիներուն մարմինները հողին յանձնուեցան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն : Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ նահատակներուն` Վազգէն Ճապաղջուրեանի, Լեւոն Քէլխաչերեանի, Յովսէփ Ջանէցեանի եւ Խաչիկ Ապուլապութեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կայացած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահած է Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Պատերազամական գօտի համարուող եւ Ալ Ճալլա- Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ եղող Ազգային գերեզմանատան փոխարէն հանգուցեալներուն մարմինները ապահովական պայմաններու բերումով հողին յանձնուած են Ալ Շահպաա շրջանին մէջ եղող ժամանակաւոր գերեզմանատան մէջ:
Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: