image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Գիւղի 4 նահատակները հողին յանձնուեցան

Նոր Գիւղի  4   նահատակները հողին   յանձնուեցան

Նոր Գիւղի  մէջ   զոհուած  4   հայորդիներուն  մարմինները հողին յանձնուեցան: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն : Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ նահատակներուն` Վազգէն Ճապաղջուրեանի,  Լեւոն Քէլխաչերեանի,  Յովսէփ Ջանէցեանի եւ Խաչիկ Ապուլապութեանի   յուղարկաւորութեան  եւ թաղման    արարողութիւնը  կայացած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահած է Բերիոյ  Թեմի Բարեջան Առաջնորդ   Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:  Պատերազամական  գօտի համարուող   եւ Ալ Ճալլա- Շէյխ Մաքսուտ  շրջանին  մէջ եղող Ազգային  գերեզմանատան փոխարէն    հանգուցեալներուն մարմինները ապահովական   պայմաններու  բերումով  հողին   յանձնուած են   Ալ Շահպաա շրջանին մէջ եղող ժամանակաւոր գերեզմանատան մէջ:

 

 Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: