Իսրայէլի վարչապետի ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդականը «Հաարէթս» թերթին յայտնած է, որ 2009 թուականին Ասատ մերժած է հողերու փոխանակման Իսրայէլի առաջարկը, նշելով, որ առաջարկին մէջ ընդգրկուած էր Կոլանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի շուրջ համաձայնութիւնը:
Անդրադառնալով մանրամասներուն, թերթը յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու Ամերիկայի միջնորդութեամբ առաջարկ ներկայացուցած էր Սուրիոյ, շեշտելով, որ Կոլանի հրէական համայնքները կրնան մնալ իրենց տեղը:
Առաջարկին համաձայն, Սուրիոյ պիտի տրամադրուէր յորդանանեան հողերէն այնքան տարածք, որքան Իսրայէլ կը ցանկայ իրեն պահել Կոլանէն, իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան իրենց միջեւ սահմանակից հողերու փոխանակում պիտի կատարէին:
Թերթին համաձայն, այդ օրերուն Սուրիա մերժած է ներկայացուած առաջարկը, որուն միացած է նաեւ Յորդանան, սակայն նախագիծը Սէուտական Արաբիոյ չէ ներկայացուած: