Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին յայտնած են, թէ Սուրիա-Յորդանան սահմանին, Տարհա քաղաքին մօտ գտնուող Նասիպ անցակէտը այսօր, չորեքշաբթի, մասամբ պիտի վերաբացուի, թոյլ տալով մարդատար հանրակառքերու սահմանահատման:
Պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն, միաժամանակ պիտի շարունակուին սահմանային անցակէտի վերանորոգման աշխատանքները, պատերազմի հետեւանքով առաջացած աւերածութիւնը վերացնելու նպատակով:
Նշենք, որ Նասիպ անցակէտի ազատագրումը տեղի ունեցած էր անցնող յուլիսին, որմէ ետք յորդանանեան պատուիրակութիւն մը Դամասկոս այցելելով կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին անցակէտը վերաբանալու: