Երէկ առաւօտ, Նապլուսի արեւելքը գտնուող Աքրապա գիւղին մէջ իսրայէլացի վերաբնակեցեալներ մզկիթի դրան դիւրավառ նիւթեր թափելով փորձած են հրկիզել եւ ցեղապաշտական գրութիւններ գրած են պատերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Պատիտ»ը:
Աղբիւրը համաձայն, տեսախցիկները արձանագրած են վերաբնակեցեալներու Ալ-Շէյխ Սաատա մզկիթ մուտքը, որ եղած է առաւօտեան ժամը երկուքին. Անոնք մզկիթի միայն մուտքի բաժինը կրցած են այրել եւ նախքան հեռանալնին ,պատերուն վրայ ցեղապաշտական արձանագրութիւններ ըրած են:
Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապաս դատապարտած է այս յանցագործութիւնը, նշելով, որ սա առաջին դէպքը չէ Պաղեստինի մէջ վերաբնակեցեալներու կողմէ եղած յարձակումներուն, յատկապէս մզկիթներ եւ եկեղեցիներ հրկիզելու առումով:


