image

Քաղաքացին միտումնաւոր կերպով հրկիզած է իր գարշիչը (Թրաքթոր)

Քաղաքացին միտումնաւոր կերպով հրկիզած է իր գարշիչը (Թրաքթոր)

26 Յունիսի Ժամը 04:48-ի սահմաններուն, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 անմիջական կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի մէջ, Եղվարդի խճուղիի՝ Օլիմբաւանի հարեւանութեամբ, գարշիչ (թրաքթոր) մը կ'այրի:  Այս մասին յայտնած է  shamshyan.com:

Դէպքի վայր ժամանած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատը՝ 2 մարտական հաշուարկով: Դէպքի վայր ժամանած են նաեւ Մաշտոցի բաժնի եւ Դաւիթաշէնի բաժանմունքի ոստիկանութեանց անմիջական խումբերը: Ըստ աղբիւրին, թրաքթորը կը պատկանի Դաւիթաշէն վարչական շրջանի բնակիչ՝ Արթուր Ղազինեանին, եւ թրաքթորը միտումնաւոր հրկիզուած է: 

Այդ պահը հաստատուած է նաեւ տեսախցիկի կողմէ:

Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի հետաքննական բաժանմունքին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: